Սերժ Սարգսեան. «Հայաստան-ԵՄ Յարաբերութիւններում Ոչինչ Չի Փոխուել»


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Արմէնփրէս».– «Հայաստանը կարեւորում է դարաւոր բարեկամութեան ու պատմական առնչութիւնների վրայ հիմնուած հայ-յունական բազմաբնոյթ յարաբերութիւնները, որոնք բաւականաչափ ներուժ ունեն, եւ այն երկկողմ ջանքերով անհրաժեշտ է իրացնել»։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 26 Փետրուարին այս յայտարարութիւնը կատարած է՝ ընդունելով պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Էվանկելոս Մէյմարաքիս:
Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը եւս ընդգծած է, որ դարերու խորքէն եկող հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած ամուր բարեկամութիւնը մեծ ապագայ ունի:
Զրուցակիցները երկուստեք կարեւոր նկատած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը երկկողմանի քաղաքական երկխօսութիւնը առաջ մղելու իմաստով՝ դրական գնահատելով Հայաստանի եւ Յունաստանի խորհրդարաններուն մէջ ձեւաւորուած բարեկամութեան խումբերու գործունէութիւնը: Ըստ անոնց՝ օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը կրնայ մեծապէս օգտակար ըլլալ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման ու խորացման գործին:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն: Խօսելով անոնց առնչուած հեռանկարին մասին՝ Սերժ Սարգսեան ըսած է, որ այդ յարաբերութիւններուն մէջ ոչինչ փոխուած է։ Ներկայիս եւրոմիութեան նախագահող երկիրի՝ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը վստահեցուցած է, որ իր երկիրը ամէն ինչ պիտի ընէ՝ երկկողմանի կապերու ամրապնդումէն բացի, նպաստելու Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու զարգացման:
Մէյմարաքիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նոյն օրը նաեւ հանդիպումներ ունեցած է Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Կայացած է Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին հետ Ազգային ժողովի Հայաստան-Յունաստան բարեկամական խումբի անդամներու հանդիպումը:
Նախարար Նալբանդեանի հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին անոնք անդրադարձած են միջազգային կազմակերպութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովներուն ընթացքին երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու համագործակցութեան սերտացման անհրաժեշտութեան։ Քննարկուած են նաեւ հայ-յունական բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը: Կարեւոր նկատուած է յատկապէս առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խթանումը, ապակեդրոնացեալ փոխգործակցութիւնը:
Վարչապետ Սարգսեան դիտել տուած է, որ հայ-յունական բարեկամութիւնը մեծ արժէք է, զոր պէտք է լաւապէս պահպանել եւ փոխանցել յառաջիկայ սերունդներուն։ «Ձեր այցելութիւնը նոր առիթ է՝ խթանելու հայ-յունական յարաբերութիւնները», հաստատած է ան։
Զրուցակիցները քննարկած են առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցեր՝ դիտել տալով, որ գործակցութիւնը պէտք է ամրապնդուի նաեւ ռազմական, մշակութային եւ շարք մը այլ բնագաւառներու մէջ։ Կողմերը միտքեր փոխանակած են Յունաստանի մէջ տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուած քայլերուն, Հայաստանի տնտեսական իրավիճակին վերաբերեալ՝ նաեւ անդրադառնալով տարածաշրջանային հարցերուն: Էվանկելոս Մէյմարաքիս ընդգծած է, որ Յունաստանը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը տեսնէ ու կը պաշտպանէ միայն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրին մէջ: Երկուստեք բարձր գնահատած են Յունաստանի մէջ գործող հայ համայնքին դերակատարութիւնը երկրի հասարակական-քաղաքական, տնտեսական, մշակութային կեանքին, ինչպէս նաեւ հայ-յունական բարեկամութեան ամրապնդման մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.