Սումգայիթի Ջարդերու Դատապարտումը Կրնայ Արցախեան Խնդիրի Լուծման Բանալի Ըլլալ
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– «Սումգայիթի ջարդերու ճանաչման եւ դատապարտման փաստը կարող է դառնալ արցախեան խնդրի լուծման բանալին, որովհետեւ սումգայիթներ իրականացրած պետութիւնն Արցախի եւ որեւէ այլ պետութեան հանդէպ յաւակնութիւններ ունենալ չի կարող՝ ոչ իրաւական տեսանկիւնից, ոչ՝ բարոյական»։ 26 Փետրուարին այս հաստատումը կատարած է Սումգայիթի զոհերուն հարազատներու վստահուած անձ, հրապարակախօս Հրայր Ուլուբաբեանը:
Սումգայիթեան ողբերգութեան տարելիցին առիթով այս նիւթին անդրադարձած է նաեւ «Շուշի» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Բակուր Կարապետեանը, որ հանրութեան ներկայացուցած է իր նոր՝ «Սումգայիթեան օրագիր» գիրքը:
«Ամենաիսկական ցեղասպանութիւն, որը համապատասխանում է միջազգային կոնվենցիայի բոլոր դրոյթներին: Սումգայիթեան ջարդերը կազմակերպուած եւ պլանաւորուած էին Ադրբեջանի կենտկոմի ու մոսկովեան էլիտայի կողմից», դիտել տուած է Հրայր Ուլուբաբեան, որ նաեւ կը պնդէ, թէ սումգայիթեան ջարդերը տեւած են չորս օր՝ Փետրուար 26-29ը, իսկ զոհերուն թիւը ոչ թէ 26 է, ինչպէս կը ներկայացուի դասագիրքերուն մէջ, այլ հարիւրը:
Ոճրագործութենէն 26 տարի ետք հրապարակախօսը կը նշէ, որ չի հասկնար Հայաստանի նախկին ու ներկայ իշխանութիւններուն կեցուածքը: «Միջազգային դատարան դիմելու փոխարէն շարունակում ենք բաւարարուել 88ի Յունիսի 15ի որոշմամբ», ըսած է Հրայր Ուլուբաբեանը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը այն ատեն որդեգրած է որոշում մը, որով կը դատապարտէ Սումգայիթի մէջ հայերուն նկատմամբ կատարուած ոճրագործութիւնը:
1989ին՝ խորհրդային բանտէն ազատ արձակուելէ ետք «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամները սումգայիթեան դէպքերը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալու խնդիրը կրկին բարձրացուցած էին Գերագոյն խորհուրդին մէջ, սակայն հոն տեղի ունեցածը Ուլուբաբեան առ այսօր հանելուկ կը նկատէ. «Սուրէն Յարութեանը ընդմիջում խնդրեց ու փակ նիստի ժամանակ որոշել էին Սումգայիթի հարցը փակել: Զարմանալին այն էր, որ այդ տեսակէտը պաշտպանեց նաեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը: Ես մինչեւ հիմա էլ Տէր Պետրոսեանից սպասում եմ այդ հարցի պատասխանը»:
«Սումգայիթն իրականացուեց մոսկովեան բարձրագոյն իշխանութեան համաձայնութեամբ եւ մասնակցութեամբ», դիտել տուած է Բակուր Կարապետեանը, որ ջարդերէն ուղիղ մէկ ամիս ետք գացած է Սումգայիթ, այցելած է ջարդի ենթարկուած հայերու ընտանիքներուն, տեսագրած է ականատեսներուն պատմածները: Ան նոյնիսկ գտնուած է ջարդերու կազմակերպիչներուն գլխաւոր որջին մէջ՝ կոմկուսի Սումկայիթի քաղաքային կոմիտէին մէջ, զրուցած է քաղաքական կոմիտէի երկրորդ քարտուղարի ու Պաքուի ներկայացուցիչին հետ: Այս բոլորին իբրեւ արդիւնք ծնած է Կարապետեանի «Սումգայիթեան Ալիքներ» 54 վայրկեանոց ժապաւէնը: Իսկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուած է 2013ին լոյս տեսած անոր գիրքը՝ «Սումգայիթեան Օրագիր»:
«Քաղաքակիրթ աշխարհը պէտք է իմանայ Սումգայիթի, Բաքուի, Գանձակ-Կիրովաբադի, Մարագ-Մարգուշաւանի ողբերգական իրադարձութիւնների մասին, որոնք 1915-1923թթ ցեղասպանութեան շարունակութիւնն էին», դիտել տուած է Բակուր Կարապետեան:
Անոր համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին ատրպէյճանական-թրքական քարոզչական մեքենան պիտի սկսի աւելի բարձր աղմուկ հանելու՝ կապուած Խոճալուի իրադարձութիւններուն:
Կարապետեան ընդգծած է, որ հայկական կողմը բաւականաչափ չի խօսիր այդ ողբերգական իրադարձութիւններու մասին: «Հայաստանի դիւանագիտական կորպուսը, շատ պասիւ է գործում եւ արտերկրում քարոզչական աշխատանքները լաւ չի իրականացնում», յայտնած է ան։ Անդրադառնալով Խոճալուի իրադարձութիւններուն՝ Կարապետեան դիտել տուած է, որ իրական փաստերը խեղաթիւրելով ու մեղքը հայկական կողմին վրայ բարդելով՝ Ատրպէյճանը կրկնակի յանցագործութիւն կը գործէ։