Արցախեան Ազատամարտի մասին նոր ժապաւէն – video


 

«Հայ Նիուզ» կը գրէ, որ խոնաւութիւն, մթութիւն, հողաշէն նկուղ, ցորենի արտի մէջ ցորեն հաւաքող երեխաներ, լացող աչքեր, անվերջ սպասում՝ այս 0.1 առ հարիւրն է այն ամէնուն, որ կը պատկերացնէ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան՝ պատերազմի մասին մտածած ատեն։

«Ես պատերազմի դաշտի վրայ չեմ եղած։ Ես կը պատկերացնեմ, այն պատերազմը, որ տեսած եմ ու զգացած՝ մաշկիս վրայ։ Յուսալքուած հայացքներ, արիւնոտ վիրակապեր… Մանկութեանս տարիներուն հագած եմ ծունկերը կարկտած տաբատ»։

Աւարտական փուլի մէջ են արցախցի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի՝ արցախեան հերոսամարտին նուիրուած երկրորդ շարժանկարի՝ «Թեւանիկ»-ի աշխատանքները։

 

 

«Թեւանիկ»-ի դիպաշարը բեմադրիչին փոխանցած է իր դասախօսը՝ Լեւոն Աթոյեան։ Դիպաշարը գրուած է 1996-1997 թուականին։ Շարժանկարը ստեղծուած է Առնոլտ Աղապապովի «Թեւանիկ» կարճ շարժանկարի դիպաշարի հիման վրայ, որուն հեղինակ Կարինէ Խոդիկեանի հետ միասին Ջիւան Աւետիսեանը «Թեւանիկ»-ի դէպքերուն վրայ աւելցուց երկու պատանիի՝ Արամի եւ Աստղիկի պատմութիւնը։ 80 վայրկեանի ընթացքին կը ներկայացուի 3 պատանիներու պատմութիւն, որոնց միջոցով բեմադրիչը փորձած է ներկայացնել հազարաւոր մարդոց բեկուած ճակատագրերն ու մարդկային ապրումները։

Շարժանկար ստեղծելով եւ, առհասարակ, բեմադրիչի մասնագիտութիւնը ընտրելով՝ Ջիւան Աւետիսեան նպատակ ունեցած է մարդոց մօտ յառաջացնել ապրելու ցանկութիւն՝ գնահատելով այն ամէնը, ինչ տրուած է մարդուն՝ պատերազմ, ցաւ, արհաւիրք։ Շարժանկարը ստեղծուած է ներկայացնելու կեանքը ամէն վայրկեանի մէջ, կեանքը ամէն ծաղկաթերթիկի հետ։

Բերմադրիչի հաւաստմամբ դերասանները յաջողած են ներկայացնել պատերազմը։ Բացի հայ դերասաններէն՝ իր դերակատարութեամբ Ջիւան Աւետիսեանին հիացուցած է նաեւ Պիէլոռուսիայէն Ռեկինա Պուտնիքը։

Շարժանկարը պիտի ներկայացուի թոյլտուութեամբ եւ ելեւմտական աջակցութեամբ՝ Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոնի, որ մեծապէս նպաստած է շարժանկարի ստեղծման։

Շարժանկարը հանդիսատեսին պիտի ներկայացուի Մայիս 2014-ին։
«Թեւանիկ»-ի մասին տեսանիւթը դիտել հոս՝

http://www.youtube.com/watch?v=1D5eVt87nxQ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.