Թուրքիոյ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութիւնը Եւս Հայ Թեկնածու Առաջադրած Է


 

«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններուն մեծամասնութիւնը Պոլսոյ Պաքըրքէօյ թաղամասի թաղապետի պաշտօնին առաջադրած է հայ թեկնածուներ, սակայն ամէնէն հետաքրքրականը այն է, որ հայ թեկնածու առաջադրած է նաեւ շեշտակի հակահայկականութեամբ ծանօթ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը:

Ազգայնական տրամադրութիւններով ծանօթ «Վաթան» օրաթերթը` տեղեկացնելով Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կողմէ հայ թեկնածուներու առաջադրման մասին, կը գրէ, որ կուսակցութիւնները կը պայքարին Պաքըրքէօյ թաղամասին մէջ ապրող եւ ընտրելու իրաւունք ունեցող շուրջ քսան հազար հայերու ձայներուն համար:

Պաքըրքէօյի թաղապետի ընտրութիւններուն Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ներկայացուցած թեկնածուներու ցուցակը կը գլխաւորէ Ներսէս Երամեան, իսկ հինգերորդ դիրքին վրայ դարձեալ հայ մը կայ` Էլմաս Կիրակոս:

Մասնագիտութեամբ ատամնաբուժ 65-ամեայ Ներսէս Երամեան «Վաթան»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին բացատրած է, թէ ինք կ՛առաջադրուի Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կողմէ. «Եթէ կ՛ապրինք այս երկրին մէջ, պէտք է ազգայնական ըլլանք: Եթէ ազգայնական չենք, այս երկրին մէջ գործ չունինք: Համալսարաններուն մէջ ալ անդամակցած եմ ազգայնական կազմակերպութիւններուն: Եթէ ազգայնական չըլլայի, իսլամ կնոջ հետ չէի ամուսնանար»:

Ներսէս Երամեան նաեւ ըսած է, որ իր մօր կողմէ յոյն է, հայերէնի նման լաւ յունարէն կը խօսի եւ ամէն անգամ, որ Յունաստան երթայ, կը պաշտպանէ Թուրքիոյ շահերը:

Երամեան նաեւ ըսած է, որ ինք կարիք չունի ետեւ նայելու, եւ զինք չեն հետաքրքրեր այն բացասական արձագանգները (հայ համայնքէն), զորս կը ստանայ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կողմէ առաջադրուելէ ետք:

«Սիվիլնեթ» կը նշէ, որ առաջին անգամ չէ, որ Պաքըրքէօյի թաղապետի ընտրութիւններուն Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը հայ թեկնածու կ՛առաջադրէ: 2009-ին Պաքըրքէօյի թաղապետի խորհուրդի անդամութեան պաշտօնին ներկայացուած էր ազգութեամբ հայ Հաչօ Քելեշի թեկնածութիւնը:

Աւելի՛ն, ազգայնամոլ այս կուսակցութեան գաղափարախօս ու ղեկավար Ալփասլան Թիւրքեշի մօտիկ գործընկերը եղած է Լեւոն Փանոս Տապաղեան, որ կուսակցութեան կողմէ 1973-ին առաջադրուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխանի թեկնածու:

Լեւոն Փանոս Տապաղեան աշխուժ հակահայկական քաղաքականութիւն կը վարէ, հանդէս կու գայ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումով եւ կը պնդէ, որ հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապահով կեանք կը վարէին: Ան նաեւ կը յայտարարէ, որ եթէ հայ-թրքական նոր պատերազմ սկսի, ինք պիտի կռուի թրքական ճակատին մէջ` ընդդէմ Հայաստանի: Անոր «Հայերու տեղահանութիւնը» գիրքը Թուրքիոյ ազգային կրթութեան նախարարութիւնը ներառած է պարտադիր ընթերցուող դպրոցական գիրքերու ցուցակին մէջ: Վերոնշեալ գիրքին մէջ Լեւոն Փանոս Տապաղեան կը պնդէ, թէ ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած: Թուրքերը, գովաբանելով Լեւոն Փանոս Տապաղեանը, կը գրեն. «Հայերը նաեւ անոր պէս կ՛ըլլան»:

Ծանօթ է, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը «Գորշ գայլեր» համաթրքական կազմակերպութեան քաղաքական թեւն է:

Թուրքիոյ մէջ մեծ կարեւորութիւն ունեցող տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները նախատեսուած են 30 մարտին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.