Տիգրանակերտի Մէջ Ցեղասպանութեան Զոհերու Ոսկորներ Յայտնաբերուած Են. «Ակօս»


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տիգրանակերտի Չինար գաւառի Զերզեւան ամրոցը գտնուող ջրամբարին մէջ յայտնաբերուած են 25 մարդոց ոսկորներ, որոնք, ըստ նախնական ուսումնասիրութեան` սպաննուած են 1915 թուականին: Ըստ «Ակօս» թերթին` դատախազութեան եւ Տիգրանակերտի թանգարաններու տնօրինութեան հնագէտները այդ ոսկորները ուղարկած էին ուսումնասիրութեան: Փաստերը կու գան ապացուցելու, որ ոսկորները կը պատկանին Մարտինի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն սպաննուած հայերուն:
Զերզեւան ամրոցը յայտնի է իբրեւ Մարտինի հայերու կոտորածի հիմնական վայրերէն մէկը եւ շատ յաճախ յիշատակուած է հայ եւ ասորի ականատեսներու յուշերուն մէջ: Զերզեւանի մէջ հայերու սպանութիւնները նկարագրուած են հայր Հիացինտ Սիմոնի «1915. Մի Քահանայի Օրագիր»գիրքին մէջ, ուր կը պատմուի, թէ ինչպէս դահիճները ամրոցին մէջ սպաննեցին հարիւրէ աւել մարդիկ` դանակներով, փայտերով, քարերով, իսկ յետոյ զանոնք նետեցին փոսը:
Զերզեւանի մէջ մարտինցիներու սպանութիւնները ներկայացուած են նաեւ Իվ Թեռնոնի «Մարտին` 1915» գիրքին մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.