Ցեղասպանութեան ականատես Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեանի գիրքը թրերէնի թարգմանուած – video


Փետրուար 18ին, թրքական «Փենճերէ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Հայկական Ցեղասպանութեան ականատես Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեանի «Բռնաբարուած Հայաստան» (Ravished Armenia) գիրքին թրքերէն տարբերակը: Թարգմանութիւնը կատարած է Տիրան Լոքմակէօզեանը: Գիրքին մէջ Արշալոյս Մարտիկանեանը՝ իբրեւ Ցեղասպանութենէն վերապրող մը, կը պատմէ իր կեանքի պատմութիւնը:

 

Յատկանշական է, որ թրքական «Թարաֆ» թերթի Փետրուար 18ի թիւի «Մշակոյթ եւ Արուեստ» բաժինին մէջ, Էօզլեմ Արթան գրած է Արշալոյս Մարտիկանեանի դժնդակ կեանքին մասին: Յօդուածագիրը կը գրէ, թէ Արշալոյս Մարտիկանեան իր ընտանիքին հետ կ՛ապրէր Չմշկածագ գիւղը։ 1915ին, ան 17 տարեկան էր ու ականատես եղած է իր հօրը, մօրը եւ եղբայրներուն սպանութեան, սահմռկեցուցիչ պայմաններու տակ։ Այնուհետեւ, սկսած է անոր չարչարալից կեանքը։ Ան հարուստ քիւրտերու եւ թուրք աղաներու ձեռքը սեռային չարչարանքներու ենթարկուած է ու իսլամանալու պարտադրուած: Ի վերջոյ, օր մը ան հայ հովիւի մը օգնութեամբ յաջողած է լեռներու մէջ ապաստանիլ։ Ամիսներ շարունակ լեռներուն մէջ մնացած է: Այդ շրջանին, երբ Էրզրում քաղաքը ռուսական տիրապետութեան տակ էր, Արշալոյս Մարտիկանեան կրցած է հոն հասնիլ՝ օրեր շարունակ հետիոտն քալելով ու անցնելով Մալաթիայէն, Տիգրանակերտէն, Ուրֆայէն ու Տերսիմէն։ Հոն, ռուսերու եւ ամերիկացիներու պաշտպանութեան տակ, նախ Ռուսիա անցած է, իսկ անկէ ալ՝ Ամերիկա։

Ամերիկա հասնելէ ետք, ան հայերու դէմ ի գործ դրուած չարչարանքներուն մասին խօսած է ամերիկացիներուն եւ լուսարձակի տակ առած է իսլամացած հայերուն հարցը: Այդ նպատակով, անգլերէն չգիտնալուն պատճառով՝ թարգմանի մը միջոցաւ Հենրի Կէյցին պատմած է իր ականատեսի վկայութիւնները։ Գրագէտը դժուարութիւն ունեցած է հաւատալու իր լսածներուն, բայց այդ թուականներուն Անատոլու գտնուող Ամերիկայի եւ Անգլիոյ դեսպանները հաստատած էին Արշալոյսին խօսքերը։

Կէյց Արշալոյսի պատմածներուն հիման վրայ, 1918ին հրատարակած է «Բռնաբարուած Հայաստան» խորագրեալ գիրքը։ Գիրքը այդ թուականներուն մեծ աղմուկ ստեղծած է Ամերիկայի մէջ, իսկ 1919ին՝ Օսքար Ափֆելի կողմէ ժապաւէնի վերածուած։ Ժապաւէնը կը կրէր «Ոգիներու Աճուրդը» (Auction of Souls) անունը։ ժապաւէնէն միայն 20 վայրկեան տեւողութեամբ հատուած մը փրկուած է, 2 ժամի վրայ եերկարող ժապաւէնի մնացեալ բաժինը կորսուած կը նկատուի։

 

Արշալոյս Մարտիկանեան մահացաւ 1994-ին, Լոս Անճելըսի մէջ։

Auction of Souls ժապաւէնը դիտել հոս՝

 

http://www.youtube.com/watch?v=uTnCaW-Uo_s


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.