Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Զուիցերիոյ դեսպանին


 

 

Փետրուար 13-ին, նախապէս առնուած ժամադրութեան մը համաձայն, Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը, որուն ընկերացաւ Ուրուկուէյի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ արք Գըլճեանը, հանդիպում մը ունեցաւ Ուրուկույի պետութեան մօտ Զուիցերոյ դեսպան, Պր. Տիտիէր Փֆիրդրի հետ, որուն նպատակն էր Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող յայտնի թուրք քաղաքական գործիչ, Փէրինչէքին արդարացնող վճիռը, Զուիցերիոյ կառավարութեան կողմէ մերժելու և իր կարգին դիմելու միևնոյն դատարանի Գերագոյն Ատեանին, վերատեսութեան ենթարկելու այդ հակահայ որոշումը։

Յայտնի դարձաւ որ Պր. դեսպանը ոչ միայն ծանօթ էր Փէրինչէքի հարցին, այլև մանրամասնօրէն լաւատեղեակ անոր։

Աւելի գան ժամ մը տևած հանդիպումի ընթացքին, պարզուեցաւ նաև թէ Պր. Փֆիրդր բաւական լաւ կը ճանչնայ հայկական հարցը և մեր արդար իրաւուքն ու պահանջատիրութիւնը, քանի որ ըստ իր ըսածին, տարիներէ ի վեր կը հետաքրքրուի հայութիւնը յուզող հարցերուն և Հայ Դատի հետ կապուած գործունէութեան։

Հաճելի և ջերմ այս հանդիպումի աւարտին, Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած յուշագիրը ուղղուած Զուիցերոյ կառավարութեան, յանձնուեցաւ Պր. Դեսպանին, որ հաճոյքով ընդունեց և խօստացաւ անհապաղ զայն յղել իր կառավարութեան։

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՄՕՆԹԷՎԻՏԷՕ-ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.