Հայ Դատը «Ժողովրդավարութիւնը Առեւանգելու» Պաքուի Ջանքերուն Դէմ Դնելու Կոչ Կ՛ընէ


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, բաց նամակով մը դիմած է Միացեալ Նահանգներու նահանգային խորհրդարաններու անդամներուն` կոչ ընելով անոնց, որ դէմ դնեն «ժողովրդավարութիւնը առեւանգելու» նպատակով վերջերս սաստկացած Ատրպէյճանի իշխանութեանց ջանքերուն:
Նշելով, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ կառավարուիլ երկրի քարիւղի հարստութեամբ միլիառատէր դարձած բռնատէր Իլհամ Ալիեւի կողմէ` Համբարեան խորհրդարանականներուն կը յիշեցնէ, թէ Ալիեւ վերջերս սաստկացուցած է Հայաստանի դէմ սպառնալիքները եւ յարձակումները, ու անոնց զուգահեռ` ապաքարոզչական արշաւը:
Նշելէ ետք Ատրպէյճանի իշխանութեանց զեղծարարութիւնները եւ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներէն օրինակներ, ներառեալ ՆԱԹՕի մարզումի մը ընթացքին հայ զինուոր մը սպաննած ատրպէյճանցի զինուորին հերոսացումը` Համբարեան կոչ կ՛ընէ երեսփոխաններուն, որ զիրենք ապակողմնորոշելու եւ նահանգային խորհրդարանները Արցախի ու Հայաստանի դէմ շահագործելու Ալիեւի փորձերուն դէմ դնեն` ըսելով. «Ժողովրդավարական կարգեր հաստատէ երկրիդ մէջ` մեր ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալ փորձելու փոխարէն»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.