Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Կը Քննէ Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ»- Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանը Երեքշաբթի, Փետրուար 11ին քննած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պատգամաւոր Սթիվըն Փաունտի առաջարկով:
Փաունտ առաջադրած է «Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի գծով» նիւթով քննարկում կատարել, նկատի ունենալով սահմանային վերջին խլրտումները:
Նշենք, որ 2007ին, Սթիվըն Փաունտ Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած էր:
Նաեւ, Բրիտանիա բազմիցս աջակցութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.