Ազատական Երեսփոխան Ճիմ Գարիճիանիս կոչ կ՚ուղղէ Ազրպէյճանի յարգելու հրադադարը


 

Փետրվար 9-ին, Գանատայի խորհրդարանի հերթական նիստին, խորհրդարանի անդամ եւ ընդդիմադիր Ազատական կուսակցութեան անդամ Ճիմ Գարաճիանիս հանդէս եկած է Ազրպէյճանին ուղղուած յայտարարութեամբ, ուր է կոչ ուղղած է երկրի Ազրպէճանի յարգելու զինադադարը Արցախի ու Ազրպէճանի սահմանին վրայ։

Գարաճիանիս աւելցուցած է, որ Մինսկի խումբի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները ներկայիս կ՚՚այցելեն տարածաշրջան, ու նման խախտումներ կը միտին արգելակելու Մինսկի խումբի աշխատանքները։

«ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբը հակամարտութեան լուծման միակ ձևաչափն է: Միասին աշխատինք, որ ապագային նման երևոյթներ, ինչպէս Յունուար 19-ի ազրպէյճանական ռազմական գործողութիւնը սահմանին վրայ, տեղի չունենան, որպէսզի կառուցողական բանակցութիւնները շարունակուին»։

Նշենք, որ Գարիճիանիս 2012-ին այցելած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն եւ այդ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն ներկայ գտնուած է իբր դիտորդ։ Գարիճիանիս Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան համանախագահ է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.