Հայաստանէն արտագաղթող ընտանիքներու թիւը յաւելում կ՚արձանագրէ


 

«Երկիր Մետիա» եւ «Առաւօտ» կը հաղորդեն թէ 2007էն ետք, Հայաստանէն ընտանիքներով արտագաղթողներու տոկոսը 40-էն հասաւ 60 տոկոսի։

Ցնցիչ այս ցուցանիշը ներկայացուց միգրացիոն ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեանը “Օրինաց երկիր” կուսակցության գրասենեակէն ներս՝ վերջերս Ռուսաստան արտագաղթող օրէնքներու խստացման կապուած քննարկման ժամանակ: Տուեալները, ինչպէս պարոն Եգանեան ըսաւ, վերջին հետազօտութեան արդիւնքներն են, հակառակ, որ հետազօտութիւնը դեռ չէ հրապարակուած:

Պարոն Եգանեան յայտնեց, որ այս լայնածաւալ հետազօտութեան պատուիրատուն կառավարութիւնն է, հարցումները կատարած է Սլաւոնական համալսարանը, եւ հարցադրուած է մօտ եօթ հազար տնային տնտեսութիւն: Միգրացիոն ծառայութեան ղեկավարը, ըսաւ որ 2008էն ետք նկատելի արձած է արտագաղթի բաւական մեծ աճ։ Մշտական բնակութեան համար Հայաստանէն տարեկան կը մեկնի 35-36 հազար մարդ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.