ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԿՌՈՒՈՂ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ Է


Փետրուար 6-ին, Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալներու խմբաւորումները յարձակում գործած են Հալէպի բանտին վրայ։ Մարտերու ընթացքին սպաննուած է ազրպէյճանցի զինեալներու հրամանատարներէն մէկը՝ չեչեն Սէյֆուլլահ Շիշանին։

Ազրպէյճանական news.lent.az կայքէջը՝ յղում կատարելով Kavkaz Center լրատու գործակալութեան թուիթրեան գրառումին, կը ներկայացնէ սպաննուած զինեալի լուսանկարը՝ աւելցնելով, որ Հալէպի մէջ անոր հրամանատարութեան տակ ազրպէյճանցիներ կը կռուին։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.