Հանդիպում Պահպանողական կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Ռիք Տայքսդրրայի հետ


 

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2014-ին, Սենթ Գաթրինզի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Պահպանողական կուսակցութեան Ս. Գաթրինզի ընտրատարածքի գործադիր մարմնի տարեկան ընդհանուր ժողովին, ուր հանդիպում ունեցաւ Ս. Գաթրինզի ընտրատարածքի ներկայացուցիչ, Պահպանողական կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Ռիք Տայքսդրրայի հետ։

 Ժողովի ընթացքին, Տայքսդրա իր տարեկան զեկուցման ընդմէջէն յատուկ անդրադարձ մը ունեցաւ վերջերս Թուրքիա կատարած իր միջ-խորհրդարանական պաշտoնական այցելութեան մասին։ Ան նշեց, որ հակառակ լաւ ընդունելութիւն ստանալուն, ան դիւանագիտական ծանր ճնշման ենթարկուած է, նկատի առնելով իր ունեցած հաստատ կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին հանդէպ։ Ան նաեւ զարմանք յայտնելով նշեց, թէ թրքական դիւանագիտութիւնն ու զանգուածային լրատուադաշտը որքան տեղեկութիւններ ունէին իր խորհրդարանական եւ քաղաքական գործունէութեան մասին, մասնաւորապէս Գանատայի խորհրդարանէն ներս բազմիցս հնչեցուցած հայամէտ արտայայտութեանց նկատմամբ։ Ան աւելցնելով ըսաւ, թէ ինք իր կարգին կառչած մնալով իր ու Պահպանողական կուսակցութեան դիրքորոշման, թրքական լրատուութեանց եւ պաշտօնակից քաղաքական անձնաւորութեանց հետ իր ունեցած հանդիպումներու ընթացքին, վերահաստատած է իր կեցուածքը։

Տայքսդրա վեր առաւ Սենթ Գաթրինզի եւ գանատահայութեան վարկն ու հեղինակութիւնը, շեշտելով իր գործակցութեան ամրապնդումը շրջանի հայութեան հետ։

Ժողովէն ետք, Հայ Դատի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Տայքսդրայի հետ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.