«Քեպէգի Սուրիահայութեան Օժանդակ Միացեալ Մարմին»ի Հաղորդագրութիւն


 

Այս օրերուն, Սուրիոյ մէջ, մեզմէ շատերուն պապենական օճախները, մեր ազգային կալուածները, սուրիահայ գաղութի եկեղեցիները, դպրոցները, ծերանոցները, որբանոցներն ու  հայկական վաճառատուները կ՚ենթարկուին ռմբակոծման, թալանի, կողոպուտի, իսկ սուրիահայութեան բաբախող սիրտը՝ Հալէպը կործանած է ու մեր քոյրերն ու եղբայրները գաղթի ճամբան բռնած ապաստան կ՚որոնեն։ 

Այսօր, Սուրիոյ մէջ հայ ընտանիքը իր առօրեայ ապրուստը ճարելու դժուարին պայմաններու մէջ կը գտնուի։ 2013 թուականին ծնած են 130 հայ երեխաներ, որոնց մանկական տարրական սնունդը, ինչպէս կաթը, ըմպելի ջուրը եւ հիմնական այլ կարիքները հայթայթելը խիստ դժուարացած է։

Կը գիտակցինք, որ ի տես այս կացութեան, կարելի չէ անտարբեր  ու ձեռնածալ մնալ  մեր հարազատներուն նկատմամբ։

Առ այդ՝ Մեծն Մոնթրէալի մէջ կազմուած է համագաղութային մարմին մը բաղկացած հետեւեալ յարանուանութիւններէն եւ կազմակերպութիւններէն.
Ս. Յակոբ  Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցի, Մոնթրէալ

Ս.Գէորգ Եկեղեցի, Լաւալ

Տիրամայր Նարեկ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի

Հայ Աւետարանական եկեղեցի

Հ.Յ.Դաշնակցութիւն Մոնթրէալ – Լաւալ

Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութիւն

ՀՕՄ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Պոլսահայ Մշակութային Միութիւն

ՀՄԸՄ Մոնթրէալ – Լաւալ

Սիրելի հայրենակիցներ, «Քեպէգի Սուրիահայութեան Օժանդակ Միացեալ Մարմին»ի անունով կոչ կ՚ուղղենք որ ձեր մասնակցութիւնը բերէք սուրիահայութեան օժանդակելու համար կատարուելիք յառաջիկայ հանգանակութիւններուն եւ ձեռնարկներուն, թիկունք կանգնելու եւ օժանդակութեան ձեռք երկարելու սուրիահայ մեր ազգակիցներուն;


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.