Ռումանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի Հանդիպումը Ռումանիոյ մէջ Զուիցերիոյ դեսպանին հետ


 

Յունուար 30, 2014-ին, Ռումանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, եւ ռումանահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ եպիս. Յակոբեանի հրաւէրով, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ժան Իւպեր Լեպեթի հետ, Առաջնորդարանէն ներս: Հանդիպման նպատակը դեկտեմբեր 17-ի եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանի վճիռն էր, արդարացնելով թուրք քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքի հայցն ընդդէմ Զուիցերիոյ, որ Զուիցերիոյ մէջ դատապարտուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ժխտելու եւ «Ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ է» յայտարարութիւնը ընելու համար:

Հանդիպման ներկայ էին Հայ Դատի ներկայացուցիչ Փոլ Յակոբեանը, ռումանահայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեանը, Ռումանիոյ ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարուժան Փամբուքճեանը, Պուքրեշի եւ Պիտեշտ քաղաքներու հոգեւոր հովիւներ Տ. Եզրաս քահանայ, Պոկտանը եւ Տ. Հեթում քահանայ Թարւերտեանը: Հանդիպման ժամանակ անգամ մը եւս նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման եւ դատապարտման խնդրի կարեւորութիւնը: Ռումանիոյ հայ գաղութի ներկայացուցիչները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին Փերինչեքի այն յայտարարութեան, թէ «1915 թուականին տեղի ունեցածը ցեղասպանություն չէ»: Բողոքը ներկայացուեցաւ նամակի ձեւով, որ յանձնուեցաւ Զուիցերիոյ դեսպանին, որ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ստեղծուած խնդրի վերաբերեալ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.