Արժանթինահայ մեծահարուստ գործարար Էտուարտօ Էռնէկեան դիմում ներկայացուցած է 21 յունական օդանաւակայան գնելու մասին


 

Յունական եւ միջազգային լրատուամիջոցները արձագանգ կը հանդիսանան «Քորփորէյշըն Ամերիքա» ընկերութեան սեփականատէր Էտուարտօ Էռնէկեանի մտադրութեան՝ Յունաստանի 21 օդանաւակայան գնելու մասին:
«Քաթիմերինի» օրաթերթը լայն անդրադարձ մը ունեցած է հարցին շուրջ, մանրամասնելով Յունաստանի շրջանային օդանաւակայաններու սեփականաշնորհման գործընթացը:

Սեփականաշնորհման ծրագիրը կը նախատեսէ 22 տարածաշրջանային օդանաւակայաններու մրցոյթի եզրափակիչ փուլի կայացումը, ուր թեկնածու եօթ ընկերութիւնները պարտադիր իրենց դիմումները պիտի ներկայացնեն: Եօթը թեկնածուներն են՝ Athens International Airport (Յունաստան), FRAPORT (Գերմանիա), AEROPORT de la Cote d’Azur (Ֆրանսա), Advent (ԱՄՆ), Vinci-Ellaktor (Ֆրանսա), Corportation America-METKA (ԱՄՆ), Zurich Airport J&P Avax (Զուիցերիա):

 Նշենք, որ այժմ՝ վերջնական փուլի մէջ մտած է օդանաւակայաններու վաճառքի մրցութային գործընթացը: 
«Քորփորէյշըն Ամերիքա» ընկերութեան սեփականատէր արժանթինահայ մեծահարուստ Էտուարտօ Էռնէկեան իր մտադրութիւնը յայտնած է Յունաստանի 21 օդանաւակայան գնելու մասին: «Մեր ընկերութիւնը շատ աշխուժ կերպով մուտք պիտի գործէ այս բնագաւառէն ներս, քանի որ տնտեսական ճգնաժամը մեծ հնարաւորութիւն բացած է մեր առջեւ» դիտել տուած է ընկերութեան նախագահ Մարթին Էռնէկեանը, Էտուարտօ Էռնէկեանի զարմիկը: Ան աւելցուցած է թէ իրենց նպատակն է ընկերութիւնը ընդլայնել ԱՄՆի եւ Եւրոպայի մէջ, կեդրոնանալով Միջերկրական ծովու հատուածին վրայ: «Մենք միշտ ներդրումներ կատարած ենք նման նախագիծերու մէջ, որոնք թոյլ կուտան մեզի պահպանելու կառավարման հսկողութիւնը» ըսած է գործարարը:

«Քորփորէյշըն Ամերիքա» ընկերութեան տարեկան եկամուտը 1.2 միլիառ տոլար կը կազմէ, ինչ որ կը նշանակէ թէ ներկայիս ֆինանսական խնդիրներ չկան, որոնց լուծման համար պարտատոմսերու շուկայ մտնելու անհրաժեշտութիւն ալ չկայ:
«2010 թուականին ընկերութեան հասոյթը կազմեց 300 միլիոն տոլար, որը օգտագործուեցաւ վերանորոգելու համար Պուէնոս Այրէսի «Էսէյսա» օդանաւակայանը: Նոյնպէս այդ ծրագրին տրամադրուեցաւ Պրազիլի զարգացման դրամատան կողմէ ստացուած վարկ մը, շատ ցած պայմաններով» ըսած է Մարթին Էռնէկեանը:

Յունաստանի մէջ տարածաշրջանային 39 օդանաւակայան կայ: Անոնցմէ 21ը որոշուած է սեփականաշնորհել, երկու տարբեր խումբերու բաժնուած ծրարներով: Սեփականաշնորհման ծրագրին համար նախապէս հետաքրքրութիւն յայտնած էին 11 գործարարական խմբակներ: Անցեալ տարուայ Սեպտեմբերին անոնցմէ եօթին արտօնութիւն տրուեցաւ մասնակցելու մրցոյթին: Վերջնականապէս ընտրուած ընկերութիւնները պարտին 220 միլիոն եւրօի ներդրումներ կատարել սոյն ծրագրին, եւ փոխադարձաբար իրենց պիտի յանձնուի օդանաւակայաններու կառավարումը 30-35 տարուայ ժամանակաշրջանի համար:

Ո՞վ է Էտուարտօ Էռնէկեանը

Էտուարտօ Էռնէկեանը արժանթինահայ գործարար է: Ան կը զբաղեցնէ Արժանթինի ամէնահարուստ մարդոց ցանկի երկրորդ դիրքը: 
Ներկայիս, իր հսկողութեան տակ կը գործեն 49 օդանաւակայաններ տարբեր երկիրներու մէջ (Արժանթին, Իտալիա, Հայաստան, Էքուատոր, Փերու, Պրազիլ, Ուրուկուէյ, եւայլն) եւ ունի աւելի քան 1000 քառակուսի քիլոմեթր հողամաս: Էռնէկեանի ամէնէն ծանօթ ձեռնարկութիւններն են՝ Aeropuertos Argentina եւ Croportaion America ընկերութիւնները: Գործարարին կը պատկանին նաեւ America TV հեռուստակայանը, 4 ռատիոկայան եւ El Cronista ֆինանսական ամսաթերթը:
2001 թուականէն Էռնէկեանին կը պատկանի «Արմենիա միջազգային օդանաւակայաններ» ընկերութիւնը՝ Հայաստանի «Զուարթնոց» միջազգային օդանաւակայանին հետ մասին: 2006ին գործարարը ձեռք բերաւ Հայաստանի մէջ երրորդ դրամատան՝ «Քոնվերս Պանք»ի բաժնետոմսերու 95 առ հարիւր տոկոսը: Ան նաեւ մեծ ներդրումներ կÿիրականացնէ գիւղատնտեսութեան ու յատկապէս գինեգործութեան մարզերէն ներս:

Bloomberg կը հաղորդէ թէ այս շաբթուան ընթացքին իր յաջող աւարտին հասաւ Էռնէկեանի կողմէ Փիզայի (Իտալիա) օդանաւակայանի բաժնետոմսերու 23 առ հարիւր գնումը: «Քորփորէյշըն Ամերիքա» նոյն ճիգը կը տանի Թոսքանիի, յատկապէս Ֆիրենցէի օդանաւակայանը ապահովելու համար, նպատակ ունենալով իրարու միացնել Իտալիոյ օդանաւակայաններու ցանցը: 
«Մենք շատ յարձակողական քաղաքականութիւն նպատակ ունինք վարելու այս ճակատներուն վրայ» կÿըսէ 35ամեայ Մարթին Էռնէկեանը, որ յարմար պայմաններ ստեղծող առիթ կը սեպէ Եւրոպայի հարաւը հարուածող տնտեսական տագնապի ներկայացուցած իրավիճակը:
Պրազիլի մէջ ոտնագնդակի միջազգային բաժակի Յունիսի մրցաշարքին համար նախապատրաստուելով, Էռնէկեանի ընկերութիւնը լծուած է Պրազիլիայի օդանաւակայանի վերանորոգման աշխատանքներուն, նպատակ ունենալով եռապատկել իր եկամուտները մինչեւ 2015 եւ Հարաւային Ամերիկայի մեծագոյն տնտեսութեան մէջ ներկայութիւն հաստատել:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.