Արմէն Յովհաննիսեան Յետ Մահու Կ՛արժանանայ «Հայրենիքին Մատուցած Ծառայութիւնների Համար» Մետալին


 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Բանակի օրուան առթիւ,  Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով պետական բարձր պարգեւներու արժանացած են Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ հետախուզական բնոյթի յարձակում կատարող հակառակորդ խումբերու ներթափանցման փորձը փոքրաթիւ ուժերով կասեցուցած եւ զանոնք ետ մղած զօրամասի զինուորական ծառայողները։
Անոնք պարգեւատրուած են հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան իմաստով ցուցաբերած բացառիկ խիզախութեան եւ անձնական արիութեան, մասնագիտական բարձր պատրաստուածութեան, կեանքին սպառնացող վտանգը դիմակայելով ծառայողական պարտքը կատարելու ատեն ցուցաբերած անձնուիրութեան համար։
«Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» առաջին աստիճանի մետալով պարգեւատրուած է նահատակ զինուոր Արմէն Լեւոնի Յովհաննիսեանը. Արիութեան մետալով պարգեւատրուած են Սարգիս Պապիկի Թանանեանը, Արսէն Աշոտի Յովհաննիսեանը, իսկ Մարտական ծառայութեան մետալով՝ Արթուր Վանիկի Բաղդասարեանը, Նորայր Վարդանի Մկրտչեանը, Սամուէլ Արտաւազդի Մուրադեանը եւ Լիւդուիգ Խաչատուրի Սերոբեանը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.