Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Հոլանտի Կոչը Կարեւոր Է, Բայց՝ Ոչ Շրջադարձային. Կիրօ Մանոյեան


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կապակցութեամբ Թուրքիոյ մէջ Ֆր-անսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի անուղղակի կոչը՝ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին, կարեւոր է, «բայց՝ ոչ շրջադարձային», նկատել տուած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:
«Հոլանտի յայտարարութիւնը պէտք է՝ ընդհանուր առմամբ, գնահատել դրական, բայց ոչ շրջադարձային, հաշուի առնելով նաեւ նախագահ Օպամայի առաջին այցելութեան ժամանակ նրա կատարած յայտարարութիւնները: Բայց կարեւոր է այնքանով, որ նա արդէն երկրորդ պետութեան ղեկավարն է, որ Թուրքիային  ասում է, թէ անհրաժեշտ է ընդունել սեփական պատմութիւնը», ըսած է ան:
Կիրօ Մանոյեան նշած է նաեւ, որ Հոլանտ հաստատեց, թէ Ֆրանսան կ՛ընդունի Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքը: «Նաեւ՝ Թուրքիայի ԵՄի անդամակցութեան մասին յստակ ասաց, որ դրան հասնելու համար, Թուրքիան պէտք է բաւական երկար ճանապարհ անցնի եւ վերջում, որ՝ Ֆրանսիայի կողմից որոշումը կայացնելու է Ֆրանսիայի ժողովուրդը», ըսած է Մանոյեան:
Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Ֆրանսայի ցուցաբերած հետեւողականութիւնը Կիրօ Մանոյեան կը համարէ մեծ մասամբ ֆրանսահայ համայնքին տարած աշխատանքին արդիւնք:
Ինչ կը վերաբերի Հոլանտի յայտարարութենէն ետք Թուրքիոյ արձագանգին, ապա ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավարը նշած է, որ, բնականաբար Թուրքիան իր կեցուածքը պիտի չփոխէ մէկ օրուան մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.