Պատիւ Ատրպէյճանական Յարձակումը Ձախողցուցած Զինուորներուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ատրպէյճանական հետախուզական բնոյթի համակարգուած յարձակման յառաջխաղացքը կասեցնելնուն համար, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հրամանագիրով, «Գարեգին Նժդեհ» մետալով պարգեւատրուեցան ինը հայ զինուորական ծառայողներ ու անոնց հրամանատարը: Պարգեւները յանձնեց պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը՝ հայոց բանակի կազմաւորման 22րդ տարեդարձին առիթով կայացած հանդիսութեան ընթացքին։
«Գարեգին Նժդեհ» մետալով պարգեւատրուեցան հազարապետ Մնացական Աւագեանը, դասակի հրամանատար Արման Յովհաննիսեանը, շարքային Էդիկ Դադամեանը, շարքային Մխիթար Վարդանեանը, նռնակաձիգ Սասուն Յակոբեանը, նշանառու, շարքային Դաւիթ Իսրայէլեանը, գնդացրորդ Հրայր Համբարեանը, աւագ հրաձիգ Ռաֆայէլ Աւդալեանը, նռնակաձիգ Արսէն Յովհաննիսեանը, հետախոյզ, նռնակաձիգ Արտակ Շիրվանեանը եւ հետախոյզ, նռնակաձիգ Արթուր Օհանեանը:
Զինուորներուն պարգեւները յանձնելէ ետք Սէյրան Օհանեան նշեց.  «Ահա մենք այսպիսին ենք՝ Մարտունիներից մինչեւ Սպիտակ, Ջերմուկ, Էջմիածին, բոլորս միասնական պաշտպանում ենք մեր Հայրենիքը: Այսպէս միասնական պիտի լինենք»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.