«Առաջարկներ 1915-ի Ցեղասպանութեան Ճանաչման, Հատուցման Եւ Թուրքիոյ Հասարակութիւնը Այս Ամօթէն Փրկելու Վերաբերեալ»


«Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի «Ակունք» կայքը կը հաղորդէ, որ կազմակերպութեամբ Անգարայի Մտքի ազատութեան նախաձեռնութեան եւ Արեւմտահայոց ազգային համագումարին 18 յունուարին Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի «Ալպա Անգարա» պանդոկին մէջ կայացած է Թուրքիոյ մտաւորականութեան հաւաք մը:

«Հրանդ Տինքի սպանութիւնը` 2015-ի հեռանկարին» խորագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերած եւ ելոյթներ ունեցած են Թուրքիոյ մտաւորականութեան տարբեր շրջանակներ ներկայացնող ազգութեամբ հայ, ասորի, ալեւի, թուրք եւ քիւրտ մօտ երեք տասնեակ հանրայայտ ակադեմականներ, պատմաբաններ, իրաւաբաններ, լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ:

Ոգեկոչական հաւաքի աւարտին, «Անգարայի Մտքի ազատութեան նախաձեռնութեան» բանբեր Սայիթ Չեթինօղլու հրապարակած է մասնակիցներուն կողմէ ստորագրուած եզրափակիչ յայտարարութիւն մը` «Առաջարկներ 1915-ի Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման եւ Թուրքիոյ հասարակութիւնը այս ամօթէն փրկելու վերաբերեալ» վերնագիրով:

Յայտարարութիւնը կ՛ըսէ, թէ «1915-ի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին ցեղասպանութենէն տուժած ժողովուրդները իրենք պիտի որոշեն, թէ ցեղասպանութեան յանցագործներէն ի՛նչ ձեւով ինչե՛ր պիտի պահանջուին: Մեր պարտքն է անվերապահօրէն այս պահանջատիրութեան նեցուկ կանգնիլ: Ստորեւ նշուած առաջարկները, Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն առաջ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութենէն տուժածներու վերաբերեալ իրականացուելիք խորհրդանշական եւ սկզբունքային նուազագոյն «ժեսթ»-երուն յանձնարարութիւններ են»:

Ապա յայտարարութիւնը կը ներկայացնէ առաջարկներ` հետեւեալ գլուխներով.

1) Ճանաչում, ներողութիւն եւ հատուցում:

2) Վերջ տալ Ցեղասպանութեան ժխտման գործողութիւններուն:

3) Անձնագիր եւ քաղաքացիութիւն:

4) Վերադարձ եւ վերաբնակեցում:

5) Հասանելի ընել կալուածագիրներու արխիւը եւ վերջ տալ գործող սահմանափակումներուն:

6) Հասանելի դարձնել օսմանեան արխիւները, ներառեալ` զինուած ուժերու արխիւը:

7) Լքեալ գոյքի արձանագրութիւններու բացայայտում:

8) Քաղաքական եւ առեւտրային հաստատութիւններուն տրամադրութեան յանձնուած գոյքեր:

9) Տակաւին պետութեան տրամադրութեան տակ գտնուող գոյքեր:

10) Ձեռք դրուած կիներ եւ որբեր:

11) Հաւաքական պատասխանատուութիւն:

12) Բոլոր տուժածները:

Ժողովականներուն առաջարկով աւելցուած այս վերջին կէտը կ՛ըսէ. «Սոյն սպասումները եւ պահանջները կը ներառեն նաեւ հայրենազրկուած ասորիներուն, Պոնտոսի յոյներուն եւ հէլէններուն իրաւունքները»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.