Սուրիահայութեան Վերականգնումը՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Աշխատանքներու Կիզակէտ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի լիակատար նիստը, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Յունուար 24ին: Ժողովի օրակարգին գլխաւոր նիւթերն էին Ազգ. կեդրոնական վարչութեան քառամեայ գործունէութեան ծրագիրի վերանայում, 2013ի իրագործուած եւ 2014ի նախահաշիւ պիւտճէներու քննարկում եւ վաւերացում, կալուածական ու շինարարական ծրագիրներ ու աշխատանքներ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքներ, Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի գործունէութիւն, Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կեդրոնի գործունէութիւն եւ այլ հարցեր։ Յիշեալ հարցերը լայնօրէն քննարկուեցան, ապա առնուեցան համապատասխան որոշումներ։
Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերէն ետք տեղի ունեցաւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան Խառն ժողովը՝ օրակարգ ունենալով հետեւեալ հարցերը՝ Սուրիոյ հայ համայնքին կատարուած օժանդակութիւնը եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան վերականգնման գծով կատարուած աշխատանքները, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ շարունակուող գործակցութիւնը՝ Եպիսկոպոսաց ժողովի լոյսին տակ, թեմերու կանոնագրութեանց բարեփոխութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ ընդհանրական բնոյթ ունեցող այլ խնդիրներ ու ծրագիրներ։ Յիշեալ նիւթերը լուրջ քննարկումի ենթարկուեցան ժողովականներուն կողմէ՝ վեհափառ հայրապետին կողմէ տրուած լայն տեղեկութիւններու եւ կատարուած արժեւորումներու լոյսին տակ։ Բնականաբար, յատուկ կարեւորութիւն տրուեցաւ Սուրիոյ մեր համայնքի վերականգնումի աշխատանքներուն։
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը հաւատայ գործին, ո՛չ խօսքին։ Մեր գործը՝ ժողովուրդին գացող ծառայութիւն է։ Ահա թէ ինչու մեր Ս. աթոռը միշտ հեռու կը մնայ քարոզչական մօտեցումներէ եւ իր ծառայութիւնը չափազանցուած կերպով ներկայացնելու միտումներէ։ Հսկայ աշխատանք կը տարուի այս Ս. աթոռին կողմէ՝ հոգեւոր, կրթական, ընկերային, միջեկեղեցական, մշակութային եւ այլ մարզերէ ներս։ Մեզի պակսողը նուիրումը, հաւատքը, տեսիլքը չէ, այլ՝ տնտեսական բաւարար կարելիութիւնները։ Սակայն, վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները, հաւատալով այս Ս. աթոռի յոյժ կարեւոր առաքելութեան՝ պիտի շարունակեն ամէն իմաստով նեցուկ կանգնիլ մեզի», եզրակացուց վեհափառը: