Սեւան Նշանեանը Ազատ Արձակելու Արշաւ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Տեմոքրաթ Հապեր» լրատու կայքը կը հաղորդէ, թէ միջազգային արշաւ մը սկսած է բանտարկեալ այլախոհ լրագրող Սեւան Նշանեանը ազատ արձակելու պահանջով։
Ինչպէս ծանօթ է, Սեւան Նշանեանը, իր սեփական հողատարածքին վրայ 42 քառակուսի մեթր տարածքով շէնք մը կառուցելուն համար, Յունուար 2էն սկսեալ բանտարկուած է Իզմիրի մէջ։ Ան դատապարտուած է չորս տարի բանտարկութեան։
Սեւան Նշանեանի ընկերներն ու բարեկամները միջազգային արշաւ բացած են, երբ բանտի տնօրէնութիւնը արգիլած է Նշանեանին, որ գիրքեր հաւաքէ բանտի գրադարանին համար։ Անոնք դատական մարմիններուն եւ իշխանութիւններուն թրքերէնով, անգլերէնով ու ֆրանսերէնով կոչ կատարած են՝ պահանջելով, որ Նշանեանի դէմ արձակուած վճիռը չեղեալ նկատուի եւ ան անյապաղ ազատ արձակուի։
Գրող Սայիթ Չեթինօղլու ըսած է. «Թուրքիան աշխարհի մէջ ապօրէն կառոյցներու դրախտ հռչակուած է: Անընդունելի է բանտ ուղարկել Նշանեանը, որ իր սեփական հողատարածքին վրայ ընդամէնը 40 քառակուսի մեթր տարածքով շինութիւն մը կառուցած է։ Ո՛չ ոք կը հաւատայ այսպիսի որոշումի արդարութեան։ Ի դէպ, այդ շինութիւնը Նշանեան նուիրած է «Նեսին» հիմնադրամին, որպէսզի այն ուսանողները, որոնք փիլիսոփայութիւն կ՛ուսումնասիրեն, իբրեւ կացարան գործածեն զայն։ Նշանեան բանտարկուած է ո՛չ թէ «ապօրինի շինութիւն» կատարելու յանցանքով, այլ՝ պաշտօնական գաղափարախօսութեան դէմ պատմական ու լեզուաբանական աշխատանք հրատարակած ըլլալուն համար»։
Ըստ անոր՝ Նշանեանի դէմ բացուած են անհիմն ու անհեթեթ 17 դատեր, եւ Նշանեան այժմ դէմ յանդիման մնացած է 50 տարի բանտարկութեան վտանգին։ «Միայն անոր համար, որ Նշանեան իսլամ կրօնքի առասպելաբանութիւնը կը մեկնաբանէ տարբեր մտածողութեամբ, վճռաբեկ ատեանը 13.5 տարուան բանտարկութիւն կը պահանջէ լրագրողին համար։ Հարցը ապօրինի շինութիւնը չէ։ Սեւան Նշանեանը ժողովուրդի ձայնն ու գրիչն է։ Պէտք է վերջակէտ մը դրուի իրեն դէմ շղթայազերծուած դաւադրութիւններուն, ու զայն ազատ պէտք է արձակել բանտէն», յայտարարած է Չեթինօղլու։
Յիշեցնենք, որ Սեւան Նշանեանի դէմ բացուած դատերէն մէկը կը վերաբերէր ընկերային ցանցի մը մէջ Մուհամմատ մարգարէի վարկը վիրաւորելու հարցին։ Նշանեանի դէմ դատը բացուած էր 15 անձերու բողոքին հիման վրայ։ Դատախազութեան մեղադրական թղթածրարին մէջ դիտել կը տրուէր, որ Նշանեան հրապարակաւ նուաստացուցած է կրօնական արժէքները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.