ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒ ԳՈԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ «ՌՈՍԻԱ ՍԵԿՈՏՆԻԱ»-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՄԱՐԿԱՐԻԹԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆ


 

31 Դեկտեմբեր 2013-ին ռուսահայ Մարկարիթա Սիմոնեան նշանակուեցաւ Ռուսաստանի պետական նոր լրատու գործակալութեան՝ «Ռոսիա Սեկոտնիա»-ի գլխաւոր խմբագիր։ Ան միաժամանակ անգլերէնով սփռուող «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանի գլխաւոր խմբագիրն է:

Մարկարիթա Սիմոնովնա Սիմոնեան ծնած է 6 Ապրիլ 1980-ին, Կրասնոտարի մէջ։ Ան փոքր տարիքէն որոշած էր լրագրող դառնալ։ Սիմոնեան սկիզբը աշխատած է տեղական օրաթերթի մը մէջ, ապա՝ տեղական պատկերասփիւռի կայանի մը մէջ եւ մինչ այդ շարունակած է Քուպան պետական համալսարանին մէջ լրագրութիւն ուսանիլ։

Սիմոնեան տեղական պատկերասփիւռի կայանին համար Չեչենիոյ պատերազմի եւ Հարաւային Ռուսիոյ մէջ մեծ ողողումներուն մասին լրագրութիւն կատարած է՝ ստանալով «արհեստավարժի քաջութիւն» մրցանակը։

2002-ին Ռուսիոյ պետական «Ռոսիա» պատկերասփիւռի կայանի շրջանային լրագրողի պաշտօնը վարած է եւ 2004-ին տեղեկագրած Պեսլան դպրոցի պատանդներու տագնապը։ Ան դէպքին վայրը հասնող առաջին լրագրողներէն մէկը ըլլալով՝ ականատես կը դառնայ 334 անձերու սպանութեան, որոնցմէ 186-ը մանուկներ։

Սիմոնեան 25 տարեկան էր, երբ 2005-ին «Ռաշա Թուտէյ»-ի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնին նշանակուեցաւ։ Կարգ մը աղբիւրներ զինք Քրեմլինի հաւատարիմ եւ Փութինի վարչակարգին մօտիկ անձնաւորութիւն մը կը նկատեն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.