Անհրաժեշտ Է Լուծման Գործընթաց Մը Ճշդել Սուրիական Տագնապին. Արամ Կաթողիկոս


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 15ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, բացումը կատարելով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կազմակերպած ու «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին նուիրուած համագումարին՝ կարեւորութեամբ շեշտեց յիշեալ համագումարին վճռական կարեւորութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքին համար:
Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Եթէ «Ժընեւ-2» ժողովը դրական արդիւնք չտայ, ապա անոր հետեւանքները կրնան աննախատեսելի ըլլալ ամբողջ Միջին Արեւելքին համար, եւ նոյնիսկ՝ անկէ անդին: Ա՛յս պատասխանատուութեամբ պէտք է մեր մասնակցութիւնը բերենք այս ժողովին եւ աւելին՝ սովորական յայտարարութիւն պէտք չէ կատարենք, այլ յստակ ուղեցոյց մը ճշդենք՝ զայն փոխանցելու համար «Ժընեւ-2» ժողովի պատասխանատուներուն»:
Խօսելով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կազմակերպած այս համագումարին մասին՝ վեհափառը շեշտեց կարեւորութիւնը հետեւեալ երեք կէտերուն.
– Հաւաքական քրիստոնէական մօտեցում ճշդել սուրիական տագնապի լուծման.
– Մեր փորձառութիւնները եւ հայեցակէտերը բաժնել իրարու, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան աշխարհին հետ.
– Միասնաբար որոնել «Ժընեւ-2» ժողովին մեր բերելիք նպաստը, որ պէտք է ըլլայ ազդու, գործնական ու յստակ:
Ապա վեհափառը ըսաւ. «Հարկ է, որ մեր մօտեցումը ըլլայ իրապաշտ՝ հեռու մնալով զգացական, միակողմանի ու քաղաքական մօտեցումներէ: Այլ խօսքով՝ պէտք է կարեւորութեամբ շեշտել «Ժընեւ-2» ժողովին մեր բերելիք նպաստին իւրայատկութիւնը»:
Մեկնելով իր կատարած այս հաստատումէն՝ կաթողիկոսը շեշտեց հետեւեալ երկու կէտերը.
– Անհրաժեշտ է ընդգծել, թէ սուրիական տագնապը կարելի չէ զէնքի ուժով լուծել, այլ՝ բանակցութեամբ.
– Անհրաժեշտ է, որ բանակցութեան մասնակցին կառավարութիւնը, ընդդիմութիւնը եւ բոլոր համայնքներու պատասխանատուները:
Համագումարի բացման նաեւ խօսք առաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը, որ իր կարգին պարզեց խորհուրդին կատարած աշխատանքները՝ սուրիական տագնապի սկիզբէն ի վեր, յատկապէս մարդասիրական մարզէն ներս:
Յայտնենք, որ համագումարին կը մասնակցին պատրիարքներ ու եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Թենի Սիմոնեան, իսկ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Վիգէն արք. Այգազեան: Կը մասնակցին նաեւ Ռուսիոյ, Ամերիկայի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ այլ եկեղեցիներու պաշտօնական ներակայացուցիչները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.