«ԿԻՒԼԵՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՏԱՐԱԾՈՒԱԾ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՉՈՐՍ ԿՈՂՄԸ», Կ՚ԸՍԷ ԱՏԵՄ ԵԱՒՈՒԶ


 

Թրքական «Պիւկիւն» օրաթերթի՝ Անգարայի ներկայացուցիչ եւ քաղաքական վերլուծաբան Ատեմ Եաւուզ Սիվիլնեթի լրագրող Ալին Օզինեանի կը պատմէ Կիւլենական շարժումի մասին եւ կարեւոր մեկնաբանութիւններ կը կատարէ վերջին շրջանին խիստ սրուած Կիւլեն-Էրտողան յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ կիւլենականներու՝ ուրուական պետութեան դէմ պայքարի եւ քրտական հարցի լուծման առաջարկներու մասին։

Ատեմ, կրնա՞ք բացատրել, թէ Կիւլենական շարժումը կամ համայնքը ինչ կը ներկայացնէ եւ, ի վերջոյ, այս շարժումը ի՞նչ կապեր ունի Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան հետ։

Աթաթուրքի ստեղծած հանրապետութեան սկզբնական տարիներուն խիստ որոշումներ որդեգրուեցան եւ արգիլուեցան կրօնական միաբանութիւնները՝ թարիքաթները։ Դարեր շարունակ գործող եւ ընդունուած կրօնական այնպիսի միաբանութիւններ, ինչպիսիք են թարիքաթները, թեքեները, զաւիյէները արգիլուլէ ետք անցան ընդհատակ։ Ատոնց մէկ մասը շարունակեց գաղտնի գոյութիւնը՝ ատով հանդերձ խուսափելով ուշադրութիւն գրաւելէ։ Այսպէս շարունակուեցաւ մինչեւ 1990-ականները, երբ աւելցած էր կրօնական միաբանութիւններու եւ անոնց հետեւորդներու քանակը, որուն շնորհիւ Էրտողանի ղեկավարած կուսակցութիւնը հաւաքեց ձայներու մեծամասնութիւնը։ Ֆեթուլլահ Կիւլենի շարժումը, համայնքը կամ ծառայութիւնը իր մէջ կ՚ընդգրկէ հասարակութեան տարբեր շերտեր եւ խաւեր, ներառեալ ընդդիմադիր դաշտը եւ քրիստոնեաները։

Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը եւ Կիւլենական շարժումը նոյնը չեն։ Էրտողանի գլխաւորած կուսակցութիւնը Միլլի կէօրիւշի (Ազգային հայացք) գաղափարախօսութեան հետեւորդ է։ Այս գաղափարախօսութիւնը կ՚առնչուի Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Նեջմեթին Էրպաքանի անուան հետ։ Միլլի Կէօրիւշը քաղաքական շարժում է, ի տարբերութիւն որու՝ Կիւլենական շարժումը հասարակական է եւ կը ձգտի համայնքի մէջ ընդգրկուելով հանրութեան բոլոր խաւերուն մէջ կեանքի կոչել Ֆեթուլլահ Կիւլենի գաղափարները։ Այսպիսով՝ անիկա քաղաքականութեան հետ շատ չառնչուիր։ Շարժումը, որ բարոյական արժէքներու վրայ հիմնուած է, տարածուած է աշխարհի չորս կողմը եւ ատոր աջակցութիւն կը ցուցաբերեն նաեւ ոչ իսլամները, իսկ հիմնական գաղափարը հետեւեալն է՝ դաստիարակել արժէքաւոր եւ բարոյական մարդ ու ատով նպաստել աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման։ Հակառակ պարագային կարելի չէ պատկերացնել, որ աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ պիտի բացուէր 170 դպրոց։

– Ատեմ, Էրտողանը, Կիւլը կամ կուսակցութեան անդամ եղող նախարարները արդեօք այս շարժումին զաւակնե՞րն են։

Ո՛չ, անոնք Միլլի Կէօրիւշ շարժումի հետեւորդներ են, որոնք վերջին յիսուն տարուան մէջ աւելի քաղաքական ասպարէզի մէջ կը գործեն։ Այպէս՝ Միլլի Կէօրիւշ, իշխանութեան գալով, կը փորձէ վերափոխումներ իրականացնել եւ տարածել կրօնը, իսկ Ֆեթուլլահ Կիւլենի շարժումը ճիշդ հակառակն է. ատիկա չի հետաքրքրուիր առօրեայ քաղաքական պայքարով, սակայն կը ձգտի ստեղծել ուժեղ հասարակութիւն, որ պիտի բարձրանայ վարէն վեր՝ ի տարբերութիւն Միլլի Կէօրիւշի, որ կը ձգտի իշխել վարի հատուածի հասարակութեան վրայ։

Սա է հիմնական տարբերութիւնը։ Շարժումի հիմնական նպատակը կրթութիւնն է. աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ եւ Թուրքիոյ տարբեր մասերուն մէջ գտնուող դպրոցներու միջոցով դաստիարակել լաւ սերունդ։ Այսպիսով՝ կարելի է ըսել, որ թէ՛ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը, թէ՛ վարչապետ Էրտողանն ու անոնց կուսակցութեան հիմնադիրները Կիւլենական համայնքին չեն պատկանիր, չեն ստացած համայնքի դաստիարակութիւնը, անոնք այլ շարժումի հետեւորդներ են։Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունէր ռազմական վարչակազմ, մութ ուժ մը, գաղտնի պետութիւն։ Ես Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ գիրք գրած եմ՝ «Հայ մը կար» խորագրով, ուր կը պատմեմ, թէ ինչպէս սպանեցին Տինքը եւ այն մասին, որ երեւցող մարդասպանէն բացի այլ ուժեր ալ պահուտած են այս ամէնուն ետեւը։ Աւելի ուշ հրապարակուած երկրորդ մասին մէջ գրած եմ Տինքի դատավարութեան, «Էրկենեքոն»-ի գործի, Մալաթիոյ մէջ քրիստոնեայ միսիոնարներու սպանութեան մասին։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի մութ ուժերու եւ ՕԹԱՆ-ի «Կլատիօ» խմբաւորումներու մասին, որոնք գոյութիւն ունէին որոշ երկիրներու մէջ, սակայն վերցուած են, իսկ Թուրքիոյ մէջ պահպանած են իրենց գոյութիւնը։Թուրքիոյ մէջ տարբեր ժամանակներու մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջումի, ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու, անոնց եկեղեցիներու եւ ընդհանրապէս կրօնական համայնքներու ու կազմակերպութիւններու դէմ յարձակումին մէջ ուրուական այս կառոյցը էական դեր կատարած է։ Ես այս կառոյցի մասին գրած եմ գիրքիս մէջ։ Հրանդ Տինքի սպանութեան պարագային ալ կը տեսնենք, որ մարդասպանը անչափահաս է, սակայն անոր դաստիարակութեան մէջ մեծ է վերոնշեալ կառոյցի դերը։

Այս կառոյցի դէմ պայքարին մէջ եւ զայն ոչնչացնելու գործին մէջ Կիւլենական համայնքը մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է կառավարութեան։ Համայնքը բարոյականութիւն կը քարոզէ եւ իրեն պատկանող դպրոցներուն մէջ այս գաղափարներով կը դաստիարակէ հազարաւոր մարդիկ։ Դպրոցներու շրջանաւարտները կեանքի մէջ կ՚առաջնորդուին Ֆեթուլլահ Կիւլենի գաղափարներով։

– Համեմատաբար վերջերս տեղեկացանք, որ թրքական պետութիւնը հայերուն եւ միւս փոքրամասնութեանց անդամներու անուններուն առջեւ գաղտնագրեր կը դնէ, կան նաեւ կասկածներ, որ թրքական պետութեան կողմէ նոյնպիսի գաղտնագրեր դրուած են քիւրտերուն անուններուն առջեւ։ Ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ ալ լուրեր հրապարակուեցան, որ պետութիւնը նոյն ձեւով գաղտնագրեր կը դնէ հաւատացեալներուն անուններուն առջեւ եւ, յատկապէս, Կիւլենական շարժումի հետեւորդներու անուններուն առջեւ։ Ի՞նչ կը կարծեք՝ թրքական կառավարութիւնը որուն անուան առջեւ գաղտնագիր չի դներ, ո՞վ Թուրքիոյ համար խելոք քաղաքացի է։

Թուրքիոյ մէջ հին եւ արմատաւորուած պետական համակարգը իրմէ զատ բոլորը կը դիտէ, իբրեւ հաւանական թշնամի։ Իմ կարծիքով՝ այդ համակարգը ինքնին «Էրկենեքոն»-ն է։ Այսպէս՝ հայերը թշնամի են, հրեաները թշնամի են, յոյները թշնամի են, (արդեօք ի՞նչ կրնար ընել յոյները, որոնք ընդամէնը 2 հազար հոգի են), քիւրտերը թշնամի են, ալեւիները թշնամի են, երբեմն-երբեմն թշնամի կը դառնան նաեւ իսլամամէտները, ազգայնականները։ Պետութիւնը անընդհատ իրեն համար թշնամի կը ստեղծէ, ատով կը սնուի։Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը շատ ուժեղ է. հետախուզութիւնը վերահսկողութիւն հաստատած է ռազմական ոլորտի, զինուորականութեան վրայ, եւ հին Թուրքիոյ վերադարձը կարելի չէ։ Իշխանութիւնը, Անգարան այսպէս կը մտածէ։ Սակայն հասարակութեան մէջ բոլորը, ներառեալ ես՝ իբրեւ լրագրող, այդպէս չեմ կարծեր։ Հետախուզութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտանը անձամբ կը ճանչնամ, լաւ գործիչ է եւ կը ձգտի միաւորել քաղաքականութիւնն ու հետախուզութիւնը, սակայն 100 տարուան հետախուզութիւնը չես կրնար մէկ վայրկեանի մէջ փոխել, եւ առանց հետախուզութեան ղեկավարներու գիտութեամբ երբեմն կը կատարուին այնպիսի քայլեր, ինչպիսին է, օրինակ, մարդոց անուններուն առջեւ գաղտնագիր դնելը։

Գաղտնագիր կը դնեն հայերու, իսլամամէտներու, այլ համայնքներու ներկայացուցիչներու անուններուն առջեւ։ Այս է համայնքի եւ կառավարութեան հիմնական հակասութիւններէն մէկը։ Կիւլենական համայնքը կ՚ըսէ, որ պէտք է շարունակել ժողովրդավարութեան, թափանցիկութեան հոլովոյթը, իսկ կառավարութեան մօտեցումն այսպէս է՝ իշխանութեան ղեկին ենք, յիսուն տոկոսը մեզ ընտրած է ու մեզի կ՚աջակցի, եւ չափազանցուած կը համարէ Կիւլենական համայնքի նախազգուշացումները։

– Ի՞նչ կը կարծեք՝ Էրտողանը ուրուական պետութեան ոչնչացման համա՞ր կը պայքարի, թէ՞ այսօր ինք եւս, դառնալով այդ ուրուական, մութ ուժի մէկ մասը, գաղտնագրեր կը դնէ անուններուն առջեւ մարդոց, որոնք իշխանութեան գալու հարցին մէջ իրեն օգնեցին։ Ի՞նչ է Կիւլենական շարժումը, Էրտողան-Կիւլեն յարաբերութիւնները։

Կառավարութիւնը կը մտածէ, թէ յաղթած, ոչնչացուցած ու վերացուցած է ուրուական պետութիւնը, եւ այժմ բոլոր հարցերը կը լուծուին քաղաքական մեքանիզմներու միջոցով։ Ինչպէս քիչ առաջ ըսի, հասարակութեան մէկ ստուար հատուածը այդպէս չի կարծեր, ես ալ անոնց շարքին եմ։Թուրքիոյ մէջ ուրուական պետութիւնը տակաւին շատ ուժեղ է, սակայն որովհետեւ իշխանութիւնը, այսինքն՝ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ չափազանց ուժեղ է, ուրուական պետութիւնը գլուխ չի բարձրացներ եւ կ՚երեւի ճիշդ այդ պատճառով ալ գործողութիւններու չի դիմեր։Հասարակութեան մտահոգութիւնը հետեւեալն է. Թուրքիոյ մէջ քաղաքական ալեկոծութեան պայմաններուն մէջ վատ օրերը պիտի վերադառնան, պիտի սկսին նախկին սպանութիւններն ու յարձակումները, հանրային ճնշումները։ Կիւլենական համայնքը կամ ազատական ուժերը, քննադատելով իշխանութիւնը, նպատակ ունին ճիշդ ուղին ցոյց տալ, որովհետեւ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը, կորսնցնելով իր բարեկարգչական բնոյթը, աստիճանաբար պետականամէտ կեցուածք կը ստանայ, այսինքն՝ պետականութիւնը ժողովրդավարութենէն աւելի կարեւոր կը նկատէ։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ՝ այսօր Թուրքիոյ մէջ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան այլընտրանք չկայ, ատոր հաւասար քաղաքական ուժ գոյութիւն չունի, ժողովուրդը ընդդիմութեան վրայ յոյս չի կապեր, սա է ամբողջ խնդիրը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.