ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ԹՈՒՐՔ-ՃԱՓՈՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ԹՈՔԻՈՅԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱՎԷՃ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ


 

 

Ճափոնական «Տը Ասահի Շիմպուն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ճափոն եւ Թուրքիա համաձայնութիւն գոյացուցած են հիւլէական ուժանիւթի համաձայնութիւն մը կնքելու։ Համաձայնութիւնը Թուրքիայէն կը պահանջէ այդ ճարտարագիտութիւնը, ինչպէս նաեւ սարքերն ու նիւթերը միայն խաղաղ նպատակներու համար օգտագործել։ Սակայն Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ համաձայնութիւնը կը պարունակէ կէտ մը, որ Թուրքիոյ կ’արտօնէ իւրանիոմ հարստացնել ինչ որ կրնայ հիւլէական զէնքի պատրաստութեան ծառայել։ 

Ֆուքուշիմայի մէջ տեղի ունեցած աղէտին լոյսին տակ, վերոնշեալ համաձայնութիւնը Ճափոնի մէջ ընդդիմութիւն յառաջացուցած է։ Այս հարցին վերաբերեալ բանավէճ մը կը նախատեսուի, երբ ճափոնական կառավարութիւնը այս ամսուան ընթացքին Տիեթին (ճափոնական խորհրդարան «Հ») դիմէ համաձայնութեան վաւերացման համար։

Թուրքիոյ իւրանիոմ հարստացնել արտօնող կէտը, որ Անգարայի պահաջնով աւելցուած է, Ճափոնի մէջ քննադատութեանց պատճառ դարձած է, որովհետեւ կը հակասէ հիւլէական զէնքերու տարածման դէմ Ճափոնի կեցուածքին։

Թէեւ ընդդիմադիր «Ճափոնի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը» իշխանութեան վրայ գտնուելուն ընթացքին հիւլէական կայաններու արտածումները կը ջատագովէր, անոր անդամ կարգ մը երեսփոխաններ, ներառեալ անոնք, որոնք Ֆուքուշիմա հիւլէական կայանի արկածէն վնասուած շրջաններէ ընտրուած են, համաձայնութեան կ’ընդդիմանան։

«Ճափոնի վերականգնման կուսակցութիւնը» եւս որոշած է համաձայնութեան ընդիմանալ։ Նոյնիսկ Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէի ղեկավարած «Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան» արտաքին յարաբերութեանց բաժանմունքը հոկտեմբերին մերժեց համաձայնութեան զօրակցիլ, որովհետեւ անոր անդամներէն ոմանք յայտնեցին, որ իւրանիոմի հարստացման կէտը կը հակասէ հիւլէական զէնքերու տարածման կեցուածքին։ Կուսակցութիւնը իր հաւանութիւնը տուաւ միայն այն ատեն, երբ արտաքին գործոց նախարար Ֆումիօ Քիշիտա Տիեթին մէջ վստահեցուց, որ Ճափոն Թուրքիոյ մէջ հիւլէական վառելանիւթի պատրաստութիւնը պիտի չարտօնէ։

Հիւլէական կայանը պիտի կառուցուի, Թուրքիոյ Սեւ Ծովի ափամերձ Սինոփ շրջանին մէջ, սակայն ճափոնցի կենսոլորտի մարզի փորձագէտներ կը մատնանշեն երկրաշարժի վտանգը Թուրքիոյ մէջ, ուր 1999-ին երկրաշարժ մը 17000 զոհ պատճառեց։

Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ եթէ համաձայնագիրը մօտ օրէն Տիեթի կողմէ չվաւերացուի, հիւլէական կայանը կարելի պիտի չըլլայ գործի լծել 2023 թուականին (Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրման ?100-ամեակին «Հ»)։

Թրքական «Թրքիշ Տէյլի Նիուզ» օրաթերթը իր կարգին կը նշէ, որ Էրտողան, որ 5 յունուարին Ճափոն կ’այցելէր, իր ճափոնցի պաշտօնակից Շինզօ Ապէի հետ ստորագրած է 22 միլիառ ամերիկեան տոլար արժողութեամբ հիւլէական կայանի կառուցման համաձայնագիրը։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.