ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան սեմինարը նուիրուած էր Բեկոր Աշոտի յիշատակին
1517
0
Յունուար 10-11-12-ի շաբաթավերջին, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի 40 անդամներ հաւաքուեցան Քեպէգի Arundel բանակավայրը, իրենց տարեկան ձմեռնային սեմինարի աշխատանքները համադրելու համար։
Բանակում-սեմինարը նուիրուած էր Արցախի ազատամարտիկ Բեկոր Աշոտի յիշատակին, իսկ սեմինարի կարգախօսն էր Բեկորի խօսքը՝ «Ամէն Հայ պիտի զգայ, որ առանց իրեն հայրենիքը կը փլուի»։ Բանակումի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Բեկոր Աշոտի նուիրուած վաւերագրական ժապաւէն մը։ Սեմինարի ընթացքին ԳԵՄ-ականներուն փոխանցուեցան շարք մը դաստիարակչական նիւթեր։