Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնները Կուտակային Կենսաթոշակներուն Դէմ Միացեալ Հանրահաւաք Կը Կազմակերպեն


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 10 Յունուարին խորհրդարանական 4 խմբակցութիւններ՝ ՀՅԴն, ՀԱԿը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը եւ «Ժառանգութիւն»ը, միացեալ խորհրդակցութիւն կատարած են: Այս մասին «Երկիր»ին յայտնած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
Ան նշած է, որ որոշում տրուած է 18 Յունուարին, ժամը 14:00ին, կազմակերպել հանրահաւաք մը, որուն նպատակն է Սահմանադրական դատարանէն պահանջել պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային նոր համակարգի ներդրման մասին օրէնքի գործադրութեան կասեցումը՝ մինչեւ Սահմանադրական դատարանին կողմէ այդ օրէնքին վերաբերեալ որոշման ընդունումը:
Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ հանրահաւաքը պիտի կայանայ քաղաքացիական նախաձեռնութիւններուն հետ համատեղ՝ անոնց առաջարկով: «Մենք ընդունեցինք քաղաքացիական նախաձեռնութիւնների այդ առաջարկը եւ որոշեցինք հանդէս գալ համատեղ ուժերով», դիտել տուած է ան։ Ռուստամեան աւելցուցած է, որ խորհրդարանական 4 ուժերը ճշդած են կարեւորագոյն հարցերը, որոնց շուրջ պէտք է հանդէս գան միացեալ կերպով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.