Ծովագիւղցի Աղաւնի Պոզոյեանը 109 Թոռ ու Ծոռով Նշած է Ծննդեան 100-րդ Տարեդարձը


 

 

Գեղարքունիքի մարզի Ծովագիւղ համայնքին մէջ իր 100-ամեակը տօնած է գիւղի ամենատարեց բնակիչներէն Աղաւնի Պոզոյեանը: Ըստ Armenpress.am-ի, 109 թոռ ու ծոռ ունեցող կինը դարձած է բազմամարդ գերդաստանի խորհրդանիշը, եւ իր ծննդեան տարեդարձն ալ տօնած է հարազատներու եւ գիւղացիներու մասնակցութեամբ:

“Ցանկանում եմ, որ աշխարհը միշտ խաղաղ մնայ, զաւակներս, թոռներս ու ծոռներս առողջ, անփորձանք լինեն, Հայաստանը միշտ ծլի ու ծաղկի”,- հանդիսութեան մասնակիցներուն մաղթած է Աղաւնի տատիկը:

Յոբելեարին այցելած եւ ծաղիկներ ու դրամական պարգեւ յանձնած է Ծովագիւղի գիւղապետ Վահրամ Գէորգեանը:

Աղաւնի Պոզոյեանը ծնած է 1914 թուականին, նախկին Չիպուխլու, այժմ` Ծովագիւղ գիւղին մէջ: Ան իր կեանքը կապած է համագիւղացի Ցոլակ Պոզոյեանի հետ` ստեղծելով ներդաշնակ ընտանիք, ուր ծնած եւ հասակ առած են եօթը զաւակ` չորս աղջիկ եւ երեք տղայ: Ցոլակ Պոզոյեանը եղած է հողագործ, Աղաւնին` տնային տնտեսուհի: Ցոլակը մասնակցած է Հայրենական մեծ պատերազմին, տուն վերադարձած բազմաթիւ շքանշաններով:

100-ամեայ տատիկի ժառանգները շինարար, հողագործ են, ոմանք` հայկական բանակի զինուորներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.