ԿՈՎԿԱՍԸ՝ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՐԱԼՈՒԾԱՐԱՆԸ


 

 

Ռապըրթ Քափլան Stratfor ռազմաքաղաքական վերլուծողական կայքէջին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ մեծ տէրութեանց աշխարհաքաղաքական ազդեցութեանց փոփոխութեանց ցուցանիշ եղող վայրը ոչ թէ Միջին Արեւելքն ու Ասիան են այլ՝ Կովկասը, որուն ազգագրական բարդութիւնները եւ գեղեցկութիւնը զայն իւրայատուկ հետաքրքրութեան կեդրոնի կը վերածեն։

Կովկասի մէջ ընթացող զարգացումները կը վկայեն, որ Ռուսիան ուժ մըն է, որուն աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւնը կ՚աճի, թէեւ ժամանակաւոր եւ դիւրաբեկ կերպով, իսկ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը կրնայ սահմանափակուած ըլլալ։ 1990-ական թուականներուն շատեր յայտնեցին, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումով Ռուսիան կորսնցուց Կովկասը, իսկ Վրաստանի ու Ազրպէյճանի նման երկիրներու ճակատագիրը Արեւմտեան ճամբառն է։ Նոյնիսկ Հայաստանը, որ թէեւ յետխորհրդային Ռուսիոյ հետ դաշնակցած էր, կռուախնձոր կը նկատուէր։ Սակայն վերջին շուրջ տասը տարին ցոյց տուաւ աշխարհագրութեան այն ճշմարտութիւնը, որ ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական ընկերութեան մասին ամբողջ խօսքերը ջրեց. ճշմարտութիւնը հետեւեալն է. «Կովկասի մէջ, Ռուսիան մօտ է եւ Արեւմուտքը հեռու»։ Այլ խօսքով, աշխարհագրական մօտ դիրքը, եթէ խորամանկութեամբ օգտագործուի պարտութեան կը մատնէ գաղափարները։

Անշուշտ, որ Կովկասը Կովկաս ըլլալով, ոչինչ այդքան պարզ է։ Բազմաթիւ նրբութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն կարգ մը ընդհանուր գիծեր աչքառու են։

Հիւսիսային Կովկասը յետխորհրդային Ռուսիոյ ամէնէն անկայուն բաժինն է։ Այդտեղ բազմաթիւ ցեղագրական խմբաւորումներ կ՚ապրին, ինչպէս չեչեններ, լեզքիներ, աւարներ եւ ուրիշներ։ Ռուսերը անջատողական չեչեններու դէմ երկու յաղթական պատերազմներ մղեցին։ Առաջինը 1990ական թուականներուն սկիզբը, իսկ երկրորդը՝ վերջաւորութեան։ Հիւսիսային Կովկասի զինեալ խմբաւորումներ, ինչպէս Կովկասի Ամիրայութիւնը կը սպառնան յառաջիկային Սոչիի մէջ նախատեսուած Ողիմպիական խաղերուն։

Հիւսիսային Կովկասին վրայ նկատառելի վերահսկողութեան վերահաստատման ռուսերու մարտավարութիւնները մեզ կը մղէ հասկալու, թէ ռուսերը ինչպէս քայլ առ քայլ վերահսկողութիւն կը հաստատեն անդրկովկասի վրայ։

Այստեղ երեք երկիրներ գոյութիւն ունին՝ Հայաստանը, Ազրպէյճանը եւ Վրաստանը, որոնք աւելի մեծ երեք երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ մնացած են։ Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները տարիներէ ի վեր ի զուր կը ջանան Հայաստանը ռուսական ճամբարէն հեռացնել, սակայն այդ յոյսը ամբողջովին չքացաւ, երբ Հայաստան յայտարարեց, որ պիտի միանայ ռուսական ղեկավարութեամբ Մաքսային Միութեան։ Նկատի ունենալով, որ Ռուսիա գրեթէ սեփականատէրն է Հայաստանի տնտեսութեան եւ հայկական հողին վրայ 5000 ռուս զինուորներ տեղակայուած են՝ Հայաստան Ռուսիոյ արբանեակի մը վերածուած է։ Հայաստանի կեցուածքը իր տրամաբանութիւնը ունի. անիկա սահմանակից է երկու պատմական թշնամիներու՝ թուրքերու եւ ազրպէյճանցի թուրքերու։ Այլ խօսքով՝ ռուսերը հայերուն կը պարգեւեն ռազմավարական մակարդակի պաշտպանութիւն մը, որ Հայաստանին կ՚արտօնէ պահել «նախապէս ազրպէյճանական տարածք եղող Լեռնային Ղարաբաղը»։ Միացեալ Նահանգները, հակառակ հայկական նկատառելի բնակչութիւն մը ունենալնուն, այդ մէկը երբեք չեն կրնար ընել։

Ի տարբերութիւն Կովկասի մնացեալ պետութեանց՝ Ազրպէյճան քարիւղով ու բնական կազով հարուստ է։ Այս մէկը Ազրպէյճանի կ՚արտօնէ տարբեր ուժերու միջեւ խուսանաւում կատարելով որոշ աստիճանի գերիշխանութիւն ապահովելու. բան մը, որ հարեւան Հայաստանն ու Վրաստանը չեն կրնար իրագործել։ Ազրպէյճանցի թուրքերը, բարեկամ են Թուրքիոյ թուրքերուն եւ իսրայէլացիներուն. անոնք ռուսերուն եւ իրանցիներուն վրայ վստահութիւն չունին։

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, թէեւ Ազրպէյճան Քրեմլինէն շատ աւելի անկախ է քան Հայաստանը, հարկ է նկատի ունենալ, որ քանի մը տարի առաջ հայ-թրքական մերձեցման ձախողութիւնը (Ազրպէյճանի վրայ իր հետեւանքներով) թէ՛ ընդհանրապէս արեւմուտքի տկարութեան ցուցանիշն էր, թէ՛ տարածաշրջանին մէջ ռուսական ազդեցութեան։ Ազրպէյճան պաղ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ Եւրոպական Միութեան կողմէ քաղաքական քայլերուն, գիտակցելով իր ուժանիւթային ազդեցութեան եւ աշխարհագրական գետնի վրայ Ռուսիոյ մօտիկ ըլլալուն։

Մինչ Հայաստան ռուսամէտ եղած է, իսկ Ազրպէյճան Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ չեզոքութիւն պահած՝ Վրաստան անցնող երկու տասնամեակներուն ընթացքին նկատառելի կերպով արեւմտամէտ եղած է։ Վրաստան ինքզինք Արեւմուտքի յառաջամարտիկը նկատած է եւ փափաքած ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ, մասնաւորաբար նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի իշխանութեան օրերուն։ Սակայն Սահակաշվիլի ձախողեցաւ Վրաստանի համար ՆԱԹՕ -ի անդամակցութիւն ապահովել եւ գրգռիչ կերպով Արեւմուտքին հետ սիրաբանելու եւ Ռուսիոյ հետ թշնամանալու իր քաղաքակնութիւնը 2008-ին ռուսական ներխուժման պատճառ դարձաւ։

Այստեղ եւս աշխարհագրութեան դաս մը կար. հակառակ Միացեալ Նահանգներու կողմէ զօրակցութեան յայտարարութեանց, Ռուսիան մօտ էր եւ երբ որոշեց գործի լծուիլ Միացեալ Նահանգները ոչինչ կրնային ընել։

Վրաստանի մէջ ռուսական ազդեցութիւնը յաւելեալ աճ արձանագրեց, երբ Մոսկուա բնակող սակաւապետ Պիծինա Իվանիշվիլի 2012-ին ռուսական «մեղսակցութեամբ» Վրաստանի վարչապետ ընտրուեցաւ։ Վրաստան ներկայիս նոր նախագահ մը եւ վարչապետ մը ունի, որոնք Իվանիշվիլիի Վրացական երազ խմբակցութեան անդամ են, ուստի կարելի է սպասել, որ անոր արտաքին քաղաքականութիւնը շարունակեն։ Այսպիսով, Վրաստան Ռուսիոյ կողմէ Ֆինլանտականացման վտանգը կը դիմագրաւէ։ Վրաստանի մէջ քաղաքական զարգացումները մեծ մտահոգութիւն կը պատճառեն Ազրպէյճանին, ինչպէս նաեւ մեծ ջանքերով անոր պահպանած հաւասարակշռութեան նկատմամբ մտահոգութիւն կը ստեղծեն։

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ելցինի ծառայութեան տակ ըմբոստ չեչենները ծունկի բերելէն ետք, երկար ճամբայ կտրած է։ Ան ռուսական նոր արբանեակներ ստեղծած է, Ազրպէյճան համար յստակ դարձուցած է Ռուսիայէն անկախ գործելու սահմանները։ Անշուշտ ասոր նպաստած է այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներուն ուշադրութիւնը Միջին Արեւելքի եւ Խաղաղականի շրջանին վրայ է։ Կովկասը իրապէս մեծ տէրութեանց քաղաքականութեանց տեղաշարժերուն ցուցանիշն է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.