Ֆրանսահայերը Բողոքագիր Կը Յղեն Զուիցերիոյ


ԵՐԵՒԱՆ.– Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը պատրաստած է միջնորդագիր մը, որուն ճամբով Զուիցերիոյ կոչ ուղղած է բողոքարկել Մարդու Իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռը:
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու խորհուրդը նշած է, որ իր պատրաստած միջնորդագիրը պէտք է տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ, քանի որ, եթէ Զուիցերիոյ դատարանի վճիռը անվաւեր չճանչցուի, կրնան յօդս ցնդիլ Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ հայերուն պահանջները: Որպէսզի միջնորդագիրը իրաւական ուժ ունենայ, զայն պէտք է ստորագրէ առնուազն 100 հազար մարդ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.