28 Մայիս 1918-ի Կոթողը ՀՄԸՄ-ականներու Լուսատու Ջահն է
- (0)

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 100-ամեակն է, 28 Մայիս 1918՝ փառապանծ թուական մը ողջ հայութեան համար, յարութեան եւ գոյատեւումի տօն:
Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի հերոսական ճակատամարտերով հայ ժողովուրդը կրկին ոտքի կանգնեցաւ եւ կերտեց իր սեփական անկախ հայրենիքը, տէր կանգնելով իր լեզուին եւ մշակոյթին:
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան ծնունդէն ամիսներ առաջ հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումը, Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն նոր շունչ ու աւիւն ներշնչեց: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առաջին գործերէն մէկը եղաւ նաեւ զարկ տալ հայրենիքի մէջ սկաուտութեան եւ մարմնակրթութեան: Ան Պոլսոյ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան դիմեց, որ ՀՄԸՄ-ական հմուտ եւ զոհաբերող սկաուտ խմբապետներ եւ մարզիչներ ուղարկէ Հայաստան, հայրենիքէն ներս եւս կազմակերպելու համար մարմնակրթական շարժումը:
«Արեւելք Մարզաշխարհ» մարզական շաբաթաթերթին մէջ Մարզպետ «Մայիս 28 Եւ Ազատատենչ Երիտասարդութիւնը» խորագիրով հետեւեալ տողերը կը գրէ,-
Անկախութեան եւ ազատութեան գաղափարն ու ձգտումն է ազգերու յաւերժութեան գաղտնիքը:
28 Մայիս 1918…,
Պէտք է գուրգուրալ, պահել, ամուր փարիլ հայ ժողովուրդի ազատ եւ անկախ ապրելու զօրաւոր կամքն ու հաւատքը խորհրդանշող այս թուականին, որ հայոց պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուեցաւ այդ փառաւոր յաղթանակը կերտող տասնեակ հազարաւոր ազնիւ եւ քաջարի հայ մարտիկներու մաքուր արիւնով:
Պատրանք եւ առասպել մը չէ Մայիս 28-ը: Ան կրանիթեայ յուշարձան մը, ազատ եւ անկախ ապրելու վճռակամութեամբ քանդակուած կոթող մըն է, զետեղուած Երեւանի Աբովեան պողոտայէն մինչեւ սփիւռքի լուսաշող ոստանները:
Պահ մը շարժանկարի ժապաւէնի նման Ձեր երեւակայութեան առջեւ բերէք 1900-ական թուականներէն մինչեւ 28 Մայիս 1918-ի դէպքերը: Քսանութը տարիներու ընթացքին մեր ժողովուրդը տառապեցաւ, զոհուեցաւ, տրորուեցաւ, համատարած տեղահանութեան եւ սպանութեան ենթարկուեցաւ: Պահ մը ամբողջ աշխարհը պատրաստուեցաւ դամբանականը լսել հայ ժողովուրդի մահացումին:
Բայց ահա կրանիթեայ կոթողը, հայ ցեղի ազատ եւ անկախ ապրելու անխորտակ կամքը յարութիւն առաւ, ցցուեցաւ, նուիրաբերումի, զոհողութեան գերագոյն չափով ի մի հաւաքեց իր ուժերը, հրաշքի համազօր եւ նահատակութեան համարժէք խոյանքով մը յարգանք պարտադրեց երէկուան իր ոսոխին, անարգ եւ ջարդարար թուրքին:
28 Մայիսը ոչ պատահականութեան եւ ոչ ալ պարագաներու նպաստաւոր դասաւորման արդիւնք է: Ան՝ հայ ժողովուրդի ապրելու, տեւականանալու անխորտակելի կամքի արտայայտութիւնն է:
28 Մայիսը ոչ Լենինի բարեացակամութեան եւ ոչ ալ Քարա Քազիմ Պեքիրի գթութեան նուէրն է: Ան հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած Անդրանիկներու, Դրօներու, Ռուբէններու, Արամներու եւ տասնեակ հազարաւոր կամաւոր հայ մտաւորականներու եւ ֆետայիներու արեան գինն է:
28 Մայիսը քսաներորդ դարու Վարդանանցն է:
Իրար տասնեւհինգ դարեր բաժնող այս թուականներուն միջեւ որքան մեծ նմանութիւն կայ, ազգովին ծառանալու հասարակաց թշնամիին դէմ: Երկուքին մէջ ալ կը գտնենք զինուորականն ու կրօնաւորը, ազգի եւ կրօնքի, հայրենիքի եւ սրբութիւններու պաշտպանութեան ի խնդիր աներեւակայելի զոհողութիւն եւ խիզախութիւն:
28 Մայիսի ծնունդը մենք կը պարտինք մեր նախնեաց դիւցազնական մարտնչումներուն եւ հերոսութեանց, սկսած հեռաւոր թուականներէն մինչեւ Սասունցի Դաւիթ: Իսկ այսօրուան Հայաստանի գոյութիւնը կը պարտինք Մայիս 28-ին:
Երկու պատմական թուականներ միեւնոյն տարին ստեղծուած, հարազատ երկուորեակներ են 28 Մայիսը եւ ՀՄԸՄ-ը:
Մէկը 28 Մայիս 1918-ին, միւսը՝ 1 Նոյեմբեր 1918-ին:
Հայ ժողովուրդի անկախութեան եւ ազատութեան աւազանէն մկրտուած ՀՄԸՄ-ի սերունդը, անսայթաք հետեւեցաւ եւ կը հետեւի 28 Մայիսի խորհուրդին եւ ուղիին:
28 Մայիսի այս հանդիսաւոր ժամուն մենք ՀՄԸՄ-ականներս կը խոնարհինք այդ գեղեցիկ կոթողը իրենց արիւնով ներկող բիւր բիւրաւոր նահատակներու անյայտ շիրիմին առջեւ:
Անոնք մեզի աւանդեցին յաւերժութեան դաժան բայց հաճելի ճամբան: Անկախութիւնն ու ազատութիւնն է գրաւականը մեր ցեղի տեւականացման: Ով որ կը շեղի այս ճշմարտութենէն, ով որ կը նահանջէ այս ազնիւ պայքարին կը դաւաճանէ իր ցեղի գոյութեան:
28 Մայիսի կոթողը ՀՄԸՄ-ականներուս լուսատու ջահն է: Մեր կենսանորոգ ուժն է: 28 Մայիսը յաւերժութիւն է:
Կեցցե՛ն 28 Մայիսի կերտիչները:
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան
Մամուլի Յանձնախումբ