Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Թուրքիա Կ՛այցելէ
1460
0
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24ին սկսած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի գլխաւորած պատուիրակութեան Թուրքիա այցելութիւնը: Ան հանդիպումներ ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Իսմեթ Եըլմազի եւ Թուրքիոյ զինուորական ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Նեճտեթ Օզալի հետ:
Աւելի ուշ, պաշտպանութեան նախարարը խորհրդակցութիւններ ունեցած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ տարբեր ռազմական կառոյցներու ղեկավարներուն հետ:
Հասանով նաեւ այցելած է Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան գլխաւոր ընկերութիւններու կեդրոնները: