«Մեծ Սուտ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն» Անունով Խորհրդաժողով՝ Անգարայի Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Անգարայի Ժողովրդական թատրոնի շէնքին մէջ տեղի ունեցած է հակահայ խորհրդաժողով մը՝ «Մեծ սուտ, Հայոց Ցեղասպանութիւն» անունով:
Թրքական «Ulusal kanal»ի համաձայն՝ խորհրդաժողովին ընթացքին ելոյթ ունեցած է հակահայ քարոզչութեամբ զբաղող Մեհմետ Փերինչեքը, որ ներկայացուցած է  թրքական պաշտօնական պատմագրութեան թէզերը՝ ձգտելով Ցեղասպանութեան փաստը հերքելու: «Ռուսական արխիւներուն մէջ կան հազարաւոր փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած», ըսած է Փերինչեք՝ պնդելով, թէ Թուրքիան Հայկական Ցեղասպանութեամբ ամբաստանելու արշաւը սկսած է Միացեալ Նահանգներէն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.