ՉՄՇԿԱԾԱԳ ԵՒ ԳԻՒՂԵՐԸ ՄՆԱՑՈՂ ԿԱՄ ՀՈՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՂ ՀԱՅԵՐՈՒ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՆՉԵՒ 1930 ԹՈՒԱԿԱՆԸ


 

 

Չմշկածագի ամէնէն մեծ գիւղի՝ Հազարիի եկեղեցւոյ հովիւ Յովհաննէս քահանայ Փափազեանը իր ընտանիքին հետ։ Հազարիի 341 բնակիչներէն 175-ը սպաննուեցան 1915-ին։

 

Համբարձում Գասպարեան 1969-ին հրատարակուած իր 800 էջնոց «Չմշկածագ եւ իր գիւղերը» ստուրածաւալ աշխատութեան մէջ կ՚անդրադառնայ 1915-ի եղեռնէն ետք Չմշկածագի եւ շրջակայ գիւղերու կացութեան։ 

Այսպէս էր դրութիւնը զինադադարէն, նոյնիսկ Սէվռի դաշնագրէն ետքը։

Սկզբնական շրջանին հայերուն կը թոյլատրեն եղեր անշարժ գոյքը ծախելու, բայց մէկ տարի չանցած՝ հետեւեալ հրամանն է եկեր Անգարայէն. «Հայերը, որպէս հայրենակիցներ, եթէ իրենց տեղը կ՚ապրին, թող ապրին։ Եթէ կ՚ուզեն այլ երկիր երթալ, կրնան վաճառել միայն իրենց տնային կահ-կարասիները։ Անշարժ գոյքի եւ կալուածի վաճառքն արգիլուած է»։

Կառավարական պաշտօնեաներու կամայականութենէն ազատելու համար ամէն հայ արհեստաւոր կամ առեւտրական՝ աղայական դասէն կամ բէկէրէն թիկունք մը պիտի ունենար, իսկ անոր ալ, հարկ չկայ ըսել, որ ձրի պիտի ծառայէր։ Այս առիթ եղաւ, որ անոնցմէ մաս մը թոյլտուութեամբ, մաս մըն ալ փախստական՝ Սուրիա փախչին. ոմանք ալ Կ. Պօլիս երթան։

Չմշկածագ հաւաքուող 10-15-ի հայ երիտասարդներէն քանի մը հատը (Պ. Նալպանտեան, Ս. Ճէլալեան, Պ. Թնկրեան եւայլն) բարերար դեր կատարեր են, թուրքերու մօտ պահուած հայ աղջիկներն ու տղաքը հաւաքելով, ոմանց Խարբերդ Ամերիկեան որբանոցը ղրկելով, ոմանց իրարու հետ ամուսնացնելով։

Քաղաքին մէջ ու գիւղերը բաւական հայեր կան եղեր։ Օր. Ագարակը դեռ բոլորովին տեղահան եղած չէր։ Իւրաքանչիւրը որեւէ աշխատանքով կ՚ապրէր. շատեր, գիւղացիներ, իրենց ունեցած հողով ու պարտէզով կամ այլ տնային աշխատանքներով ապրուստնին կը շահէին։

Սարգիս Մինասեան ապաքինուելէ ետքը կ՚երթայ Ագարակ, բայց, որպէս հեղինակաւոր անձ, կառավարութիւնը հայերու մասին եղած իւրաքանչիւր հրահանգ, յատկապէս գիւղերուն համար, կը հաղորդէ Սարգիսի միջոցով, որովհետեւ մնացածները կանայք ու պատանիներ են եղեր։

Այս կապակցութեամբ, 1929 թիւի վերջերը կամ 1930-ի սկիզբներուն՝  Չմշկածագի ոստիկանապետը կը կանչէ Սարգիսը, որ, ինչպէս կը պատմէ տղան, վախէն մինչեւ լոյս չէ քնացեր։

Ոստիկանապետը ըսեր էր. «Սարգիս աղա, Մուսթաֆա Քէմալ Փաշայէն մեզ հրահանգ է եկեր, որ Եփրատ (Գարա Սու) եւ Արածանի գետերուն եզերքի եւ միւս գիւղերուն մէջ ոչ մէկ հայ պէտք է մնայ. բոլոր գիւղերու հայերը հաւաքես»։ Սարգիսը երկրորդ սպանդ մը գուշակելով՝ կը գունաթափուի։ Ոստիկանապետը Սարգիսի վախը նկատելով կ՚աւելցնէ. «Մի վախնաք, պատւոյ խօսք կու տամ, որ ոչ մէկ վտանք կայ. միայն հաւաքէ»։

Սարգիս կը խնդրէ հաւաքելու ժամկէտն երկարացնել 10 օր եւ կը յաջողի։ Ան լուր կը ղրկէ բոլոր գիւղերը եւ հոն եղող հայերը կը հաւաքուին Չմշկածագ, որոնց թիւը հարիւրի մօտ է եղեր։ Այս այն տարին էր, որ Քէմալական կառավարութիւնը որոշեր էր բոլոր քուրտերուն, յատկապէս Տէրսիմի եւ Ջալալի քուրտերու կեդրոնական ուժը ջլատել, զանոնք ցրուելով ամբողջ Թուրքիոյ մէջ։

Սարգիս կը յայտնէ ոստիկանապետին հայերու հաւաքուելուն մասին եւ ոստիկանապետը կը յայտարարէ, որ բոլոր հայերը, անվտանգ, պէտք է ապրին քաղաքին մէջ. գիւղն ապրելու իրաւունք չկայ։ Եթէ չեն ուզեր քաղաքին մէջ ապրիլ, թող երթան ուր որ կ՚ուզեն, Սուրիա կամ այլուր։

Այս ձեւը արտաքսման դիւանագիտական կերպն է։ Երբ գիւղացին սեփականազրկուեր է իր հողէն, տունէն եւ եկամուտէն եւ արհեստ ալ չունի, ինչո՞վ պիտի ապրէր Չմշկածագի նման կիսաւեր, աշխատանք չունեցող քաղաքի մը մէջ։

Հրամանն ստանալով, Սարգիս կը հաւաքէ չափահասներուն, կը խորհրդակցին եւ կ՚որոշեն, որ ունեցողը չունեցողին օգնելով փոխադրուին Կ. Պօլիս, ուրկէ Հայաստան երթան։ Կամ, դարձեալ իրարու օգնութեամբ, ցանկացողը երթայ Հալէպ։ Այդպէս ալ կ՚ընեն։ Սարգիս իր փոքր տղան՝ Մինասը (Կարօ) քանի մը ընտանիքներու հետ կը ղրկէ Հալէպ 1930-ի աշնան, իսկ ինք ընտանիքով եւ քանի մը ուրիշ ընտանիքներու եւ հայ տղայոց հետ կ՚երթան Կ. Պօլիս, Հայաստան մեկնելու նպատակով, բայց Թուրքիայէն հայերու ներգաղթ, այն թիւերուն եւ ետքը, չըլլալուն պատճառով կը մնան։

Սարգիս եւ իր մեծ տղան՝ Յարութիւնը, բացի այն, որ եղեռնի տարին Ագարակ ապաստանող շատ հայերու ասպնջականութիւն ցոյց կու տան, նաեւ այս տարիներուն բոլոր գիւղերը կը ստուգեն եւ թուրքի հետ ամուսնացած հայ կանայք յայտնաբերելու պարագային, անոնց կը համոզեն եւ նոյնիսկ իրենց ծախսով, փախստական ճանապարհով Հալէպ կը ղրկեն։

1955 թիւէն ետք տեղեկութիւն ստացանք, որ թուրքերու հետ ամուսնացողներէն զատ՝ հոն եղեր են, բնիկ չմշկածագցիներ, Տօնիկեան Արշալոյս եւ Հայկանոյշ քոյրերը եւ անոնց եղբայրը՝ Տօնապետը (Տօնիկեան Պաղտասարին զաւակները)։ Տօնապետ 10 զաւակ ունեցեր է, կ՚ըսեն, եւ կը բնակի Վասկաւան, հողագործութիւն ընելով։ Իր երկու տղաքը, Սուրէն եւ Հայկ, 1962-ին ղրկէր էր Ստամպուլ իր քրոջ՝ Սիրանոյշի քով՝ որ երկուքն ալ հայկական դպրոց կը դնէ։ Անոնք նախապէս սորվեր են Չմշկածագի թրքական դպրոցը եւ հայերէն գրել, թերեւս խօսիլ ալ, չեն գիտցեր։ Սուրէն թուրքերէն նամակ էր գրեր իր հօր քեռիին՝ Ագգաշեան Նիկողոսին, միայն ստորագրութիւնը հայերէն եւ խոստացեր էր, որ յաջորդ նամակը կը գրէ հայերէն։ Արշալոյսն ալ հոն ամուսնացեր է Քէմախցի հայու մը հետ, բայց կ՚ապրին թուրք անունով, սակայն ան ալ մեծ աղջիկը կը ղրկէ Ստամպուլ, դարձեալ Սիրանոյշին քով, զոր կը կնքէ եւ հայու մը հետ կ՚ամուսնացնէ։

Այսպէս կ՚աւերուին ու կ՚ամայանան պատմական Հայաստանի քաղաքներէն Չմշկածագը եւ անոր հայաբնակ գիւղերը՝ իրենց հարազատ հայ բնակչութենէն։   


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.