Հալէպի ՀՄԸՄ-ի պարտէզ-մարզարանը հրթիռակոծման պատճառով ծանր վնասներ կրած է
1702
0
Դեկտեմբեր 21-ի առաւօտեան, Հալէպի Ազիզիէի շրջանի ՀՄԸՄ-ի պարտէզ-մարզարանի շրջակայ տարածքը ենթարկուած է հրթիռակոծման, որուն պատճառով հրկիզուած են ՀՄԸՄ-ի մարզարանի պասքէթպոլի եւ Թէնիսի գոց դաշտերու առաստաղները։
Ազիզիէի հրշէջ փրկարար ջոկատներու շուտափոյթ միջամտութեան շնորհիւ կարելի եղած է առաջքը առնել տարածուող հրդեհին։
Բարեբախտութիւն եղած է նաեւ մօտակայ շտեմարանին մէջ ժողովուրդի կարիքներուն համար պահուող լիցքաւորուող կազի շիշերու դատարկ ըլլալը։