javakhkmedia.com Ջաւաքի մասին քառալեզու նոր կայքէջ


 

 

Դեկտեմբեր 20-ին համացանցի վրայ սկսաւ գործել Ջաւախքի մասին javakhkmedia.com կայքէջը։

Իր առաջին յայտարարութեամբ կայքէջի խմբագրութիւնը կ՚ըսէ. «Կայքի նպատակն է նպաստել Հայրենի Ջաւախքի մասին տեղեկատուության տարածմանը, Ջաւախքի հայ մշակութային ժառանգութեան պահպանմանը եւ ջաւախահայութեան սոցիալական, տնտեսական ու քաղաքական շահերի պաշտպանութեանը: Մենք նպաստելու ենք նաեւ հայ-վրացական դարաւոր յարաբերութիւնների զարգացմանը եւ օժանդակելու Վրաստանի ժողովուրդների միջեւ փոխըմբռնման ու բարեկամութեան խորացմանը»: 

Հայերէն, վրազերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով համալրուած կայքէջը կը պարունակէ բազմաթիւ PDF գրքեր, տեսանիւթեր, նկարներու պատկերասրահներ եւ այլ նիւթեր: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.