Կը դատապարտենք Մարդկային Իրաւանց Եւրոպայի Ատեանի վճիռը


 

 

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպայի Ատեանը, 17 Դեկտեմբեր 2013-ի վճիռով հաստատեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը յանցագործութիւն չէ։ Ըստ անոր, Լօզանի դատարանի 2007-ի վճիռը՝ Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փէրինչէքի դէմ, հարուած է ազատ խօսքի իրաւունքին։ Փէրինչէք իբրեւ ժխտողական դատապարտուած էր զուիցերիական դատարանին կողմէ։Հայ Դատի Գրասենեակը խստիւ կը դատապարտէ այս վճիռը, որ այնքան վտանքաւոր է եւ ուղղակի զօրակցութիւն է Եւրոպայի տարածքին Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ ղեկավարուող ժխտողականութեան հոսանքին եւ յաւելեալ ճամբայ կը բանայ անոր դիմաց։ Անգամ մը եւս պահուըտելով ազատ խօսքի իրաւունքին ետեւ՝ օրինակ առնելով Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդի մօտեցումը, եւրոպական ատեանը իր տխրահռչակ այս որոշումով կ՚ոտնահարէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ յաջորդական սերունդներուն արժանապատւութեան իրաւունքը։

Այսուհետեւ հայութիւնը, որուն այս իրաւունքը կը զլացուի, պիտի չկարենայ Եւրոպայի մէջ գտնել օրէնքով սահմանուած իր պաշտպանութիւնը։ Առանց այս հիմնական իրաւունքին, ոչ մէկը կրնայ ուրեմն հաստատել, թէ ի՛նչ ըլլալ հայութեան յետագայ քայլըրը եւ միջոցները՝ իրաւական ինքնապաշտպանութեան փնտռտուքի այս հոլովոյթին մէջ։ Իսկ միւս կողմէ, տխրահրչակ այս որոշումը անպայմանօրէն պիտի գօտեպնդէ եւ յաւելեալ ներուժ պիտի տայ թրքական ծայրայեղական շարժումներուն ու զուգահեռաբար պիտի հարուածէ Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ բարձրացող արդար ձայները։

Աւելի՛ն։ Եւրոպական ատեանը յայտարարելով, որ «ցեղասպանութիւն եզրը միաձայնութիւն չի վայելեր», ուղղակիօրէն կը նոյնանայ Փէրինչէքի ժխտողական այն յայտարարութեան հետ, ըստ որուն ՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ մըն է»։ Այս նոյնանման մօտեցումը անընդունելի է ու խստիւ դատապարտելի։ Ու տակաւին, նոյնքան դատապարտելի է եւրոպական ատեանի այն զգայացունց մօտեցումը, ըստ որուն՝ «պէտք է տարբերել այս հարցը՝ Հրեաներու Ողջակիզման դէմ ժխտողականութենէ»։ Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ նման տարբերակում՝ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց բարձրագոյն ատեանին կողմէ։Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակը, Պրիւսէլի Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին հետ գործակցաբար, իր բոլոր կարողականութիւնը պիտի դնէ եւրոպական ատեանի անընդունելի այս որոշումին դէմ։ Զուիցերիա երեք ամսուան ժամանակամիջոց ունի բողոքելու եւ վերատեսութեան պահանջ ներկայացնելու եւրոպական ատեանին։ Այս առումով, տեսակցութիւն պահանջուած է առաջին հերթին Փարիզի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանին հետ՝ ներկայացնելու համար մեր ակնկալութիւնները զուիցերական իշխանութիւններէն։ Համակարգուած այլ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ՝ Հայ Դատի Գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ճամբով, ինչպէս նաեւ՝ պաշտօնական Երեւանի կողմէ, միացեալ ճակատ կազմելով այս արշաւին դէմ։

ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ Դատի Գրասենեակ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.