STRATFOR. ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԱԽԵԱԼ ԵՆ ԻՐԱՆԷՆ
Ամերիկեան ռազմաքաղաքական վերլուծողական «Սթրաթֆոր» կայքէջը կը գրէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու 12 դեկտեմբերին Հայաստան այցելեց մասնակցելու համար Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան ժողովին։ Թուրքիա իր դրացիին հետ վատ յարաբերութիւններ ունի, եւ այս մէկը Տաւութօղլուի 2009-էն ի վեր առաջին այցելութիւնն էր Երեւան։ Մէկ շաբաթ առաջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը գտնուէր Հայաստան, որ Ռուսիոյ սերտ դաշնակից մըն է եւ Սեպտեմբերին յայտարարած էր, որ պիտի միանայ ռուսական ղեկավարութեամբ Մաքսային Միութեան։
Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու Տաւութօղլուի որոշումը շրջանային ուղղուածութեան նկատառելի վերադասաւորման մը արդիւնքն է։ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յարաբերութեանց ջերմացումը թէ՛ Թուրքիան, եւ թէ՛ Ռուսիան կը մղէ վերատեսութեան ենթարկելու իրենց շրջանային ռազմավարութիւնները։ Իրանի հետ ամերիկեան մերձեցումը եթէ շարունակուի, Թուրքիա հաւանաբար փորձէ անուղղակի մարտահրաւէր ուղելու Ռուսիոյ, ռազմավարական երկու շրջաններու՝ Սեւ Ծովու եւ Կովկասի մէջ ազդեցութեան հաստատման համար մրցելով։
Ռուսիոյ ռազմավարական գլխաւոր նպատակներէն մէկը իր ազդեցութիւնը նախկին Խորհրդային Միութեան ծայրամասեր ընդլայնելն է։ Իր անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար՝ Ռուսիա նաեւ յանձնառու է Սեւ Ծովու մէջ ծովուժի ուժեղ ներկայութեան պահպանման։ Միւս կողմէ՝ Թուրքիա կը ձգտի, տարածաշրջանին մէջ իբրեւ ղեկավար մը, աշխարհաքաղաքական աւելի մեծ դերակատարութիւն ունենալու։ Անոր նպատակները կը ներառեն Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել եւ Վրաստանի ու Ազրպէյճանի հետ իր համագործակցութիւնը ամրապնդել։ Ամէնէն կարեւորը այն է, որ Թուրքիա կը ձգտի տարատեսակ դարձնել իր ուժանիւթի ներածումները, որոնք մեծ մասամբ կու գան Ռուսիայէն։ Աշխարհագրական կարեւորութիւն ունեցող Անատոլական բարձրաւանդակի անվտանգութիւնը ապահովելու եւ նաւարկման կենսական գիծերը պահպանելու համար, Թուրքիա նաեւ յանձնառու է Սեւ Ծովու եւ Արեւելեան Միջերկրականի շրջաններուն մէջ իր ներկայութեան պահպանման։
Թէ՛ Ռուսիա, թէ՛ Թուրքիա կը դիմագրաւեն սահմանափակումներ։ Թէեւ Մոսկուա Հայաստանի հետ սերտ ռազմական եւ տնտեսական համագործակցութիւն կը վայելէ, ան Կովկասի մնացեալ երկիրներուն հետ իր յարաբերութանց մէջ կը դիմագրաւէ շարք մը մարտահրաւէրներ։ Հակառակ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ յարաբերութեանց բարելաւման՝ անջատողական Հարաւային Օսեթիա եւ Աբխազիա շրջաններու կարգավիճակին շուրջ առկախ հարցերը կը սահմանափակեն իր հարաւային դրացիին հետ յարաբերութիւնները կատարելապէս բնականոնացնելու Մոսկուայի կարողութիւնը։ Ռուսական ազդեցութիւնը սահմանափակելու ձգտող Պաքուի արտաքին քաղաքականութիւնը կը սահմանափակէ Ազրպէյճանի վրայ իր ազդեցութիւնը աճեցնելու Ռուսիոյ նպատակը։
Թուրքիա իր կարգին անկարող եղած է իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու հարեւան Հայաստանի հետ, վերջինիս Ազրպէյճանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տարակարծութիւնները յաղթահարելու անկարողութեան պատճառով։ Մինչեւ այն ատեն, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը կը շարունակուի, Թուրքիա անկարող պիտի ըլլայ Երեւանի հետ իր տարակարծութիւնը ամբողջովին լուծելու։
Միջերկրական ծովուն մէջ ներկայութիւն ապահովելու եւ Կիպրոսի նման ռազմավարական վայրերու մէջ նոր ռազմակայաններ հաստատելու Ռուսիոյ ջանքերը սահմանափակուած են Սեւծովեան նաւատորմիղին աշխարհագրական դիրքով։ Արեւելեան Միջերկրականին մէջ տարածուելու ռուսական ծովուժի կարողութիւնը կախեալ է Վոսփորէն ռուսական մարտանաւերու անցքին Թուրքիոյ թոյլտուութեան շարունակումէն։ Մինչ 1936-ի Մոնթրէոյի ուխտը նեղուցէն ռուսական նաւերու անցքը կ՚երաշխաւորէ՝ Անգարայի կողմէ համաձայնութեան մեկնաբանութիւնն ու գործադրութիւնը կրնայ աշխարհաքաղաքական պայմաններու հիմամբ փոխուիլ։ Մոսկուայի համար նաեւ մտահոգիչ է այն, որ Թուրքիա ուխտի կանոններու գործադրութեան մէջ որոշ ճկունութիւն կը վայելէ, ինչպէս 2008-ի ռուս-վրացական պատերազմի ընթացքին ամերիկեան մարտանաւերու Սեւ Ծովու մէջ ներկայութիւնը ցոյց տուաւ։
Ինչ կը վերաբերի ուժանիւթին՝ Թուրքիա մեծ մասամբ կախեալ է ռուսական բնական կազէն։ Հակառակ աշխարհագրականօրէն Իրաքի եւ Իրանի մօտ ըլլալուն, նշեալ երկու երկիրներուն մէջ քաղաքական եւ ապահովական մարտահրաւէրները մինչեւ հիմա Անգարայի արգելք հանդիսացած են այդ երկիրներէն նկատառելի քանակով քարիւղ կամ կազ ներածելու։ Թուրքիա իր բնական կազի կարիքներուն 60 առ հարիւրը կը ներածէ Ռուսիայէն եւ միայն 18 առ հարիւրը՝ Իրանէն։
ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈԽԵՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Իրանի եւ Վեցեակի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած բանակցութիւններու փուլը, որ հիւլէական թղթածրարին շուրջ ժամանակաւոր համաձայնութեան առաջնորդեց, կրնայ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նպատակներն ու անոնց դիմագրաւած սահմանափակումները փոխել։ Վերստին ոտքի կանգնած եւ նուազ մեկուսացած Իրան մը երկու կողմերը պիտի մղէ Կովկասի մէջ Թեհրանի ազդեցութիւնը սահմանափակել ջանալու։ Սակայն Կովկասի մէջ գերակայ դիրքի պահպանումը Անգարայի եւ Մոսկուայի մէջ տարբեր իմաստներ ունի։Ռուսիա աւանդաբար աջակցած է թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ Ազրպէյճանին, զինած է երկուքը աճեցնելու համար իր ազդեցութիւնը։ Մոսկուա Կովկասի տարածքին ռազմակայաններ ունի ինչպէս՝ Գիւմրիի մէջ թրքական սահմանէն շուրջ 12 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող 102-րդ ռազմակայանը, որուն վարձակալութիւնը մինչեւ 2044 երկարաձգելու կողքին, Ռուսիա Յունիսին շարք մը «Իսքանտեր-Մ» ցամաքէ-ցամաք բալիստական հրթիռային համակարգեր տեղակայեց։ Մինչ 102-րդ զօրակայանը մաս կը կազմէ ՀԱՊԿ-ի միացեալ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգին «Իսքանտեր» համակարգերու տեղակայումը կրնայ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ ուժի ցուցադրութիւն մը նկատուիլ։ Կարելի է սպասել, որ Ռուսիա տարածաշրջանին մէջ թրքական եւ իրանեան ազդեցութիւններն ու ախորժակները սանձելու նպատակով շարունակէ իր ռազմական տեղակայումներու ռազմավարութիւնը։
ԿՈՎԿԱՍԻ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՍԻՈՅ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիա իր կարգին վերստին ոտքի կանգնող Իրանի մը հաւանականութեան հեռանկարին լոյսին տակ կը փոխէ իր քաղաքականութիւնը՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ մերձեցում, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծում մը կը ջատագովէ։ Թուրքիոյ համար՝ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութեանց ամրապնդման կողքին Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը տարածաշրջանին մէջ իրանեան ազդեցութեան սահմանափակման բանալին պիտի ըլլայ։
Հակառակ հրապարակաւ բանակցութիւններուն նկատմամբ զօրակցութեան՝ Ռուսիոյ ծածուկ շահը հակամարտութեան երկարաձգումն է, որպէսզի ամրապնդէ իր իշխանութիւնն ու ազդեցութիւնը։ Կովկասի մէջ այս հակադիր մօտեցումները հաւանաբար Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը աճեցնեն։
Իրանի հետ բանակցութիւնները նաեւ կը փոխեն Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ դիմագրաւած սահմանափակումները։ Եթէ միջազգային համայնքը շարունակէ պահ դրուած իրանեան գումարներու ապասառեցումը՝ Թեհրան իր ուժանիւթի մարզին մէջ ներդրում կատարելու հարկ եղած գումարներ պիտի ունենայ։ Եթէ Իրան իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյացնէ՝ այլ երկիրներ եւս կրնան պատժամիջոցները ջնջել եւ սեփական ու միջազգային գործակալութեանց առիթ ընծայել Իրանի ենթակառոյցներուն մէջ ներդրումներ կատարելու կամ նոյնիսկ վարկեր տրամադրելու։
Թէեւ Իրանի արդիականացումը որոշ ժամանակի պիտի կարօտի, սակայն անիկա աշխարհի բնական կազի երկրորդ մեծագոյն պաշառները ունի։ Պատժամիջոցներու ջնջումը դէպի Թուրքիոյ նման երկիրներ ուժանիւթ արտածելու Թեհրանի կարողութիւնը պիտի աճեցնէ եւ այդպիսով նպաստէ իր ուժանիւթի աղբիւրները Մոսկուայի մենաշնորհէն ձերբազատելով տարատեսակ դարձնելու Անգարայի ջանքերուն։ Մինչ Թուրքիոյ Ռուսիայէն տնտեսական կախուածութիւնը մօտ ապագային պիտի շարունակուի, ուժանիւթի աղբիւրները տարատեսականացնելը Անգարայի պիտի արտօնէ Կովկասի եւ Սեւ Ծովու շրջաններուն մէջ աւելի հաստատակամ քաղաքականութիւն վարելու։
Թուրքիոյ հաստատակամութեան Ռուսիոյ հաւանական պատասխանը պիտի ըլլայ Վրաստանի ու Ազրպէյճանի մէջ իր ազդեցութիւնը աճեցնել եւ սեւծովեան նաւատորմիղի արդիականացումը արագացնել։ Նոյն ատեն՝ Ռուսիա Իրանի հետ պիտի մրցակցի Թուրքիոյ ուժանիւթի շուկային մէջ առիւծի բաժինը պահելու համար։ Ռուսիա եւ Թուրքիա հաւանաբար պիտի շարունակեն համագործակցութիւնը միացեալ ծրագիրներու շուրջ, ինչպէս՝ Թուրքիոյ հարաւը գտնուող Պույուքեճելի քաղաքին մէջ ռուսական ֆինանսաւորմամբ Աքքույու հիւլէական կայանը։ Բայցեւայնպէս, Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը ժամանակի ընթացքին պիտի նուազի։
Երկարատեւ ժամկէտի վրայ, սակայն, վերստին ոտքի կանգնած Իրան մը կրնայ մարտահրաւէր ուղել, թէ ռուսական եւ թէ թրքական շահերուն, մասնաւորաբար Կովկասի մէջ, ուր երեք ուժերը պատմական մրցակիցներ եղած են։
Օրինակի համար՝ Հայաստանի մէջ Իրան կրնայ մարտահրաւէր ուղել Ռուսիոյ տնտեսական եւ քաղաքական ազդեցութեան՝ աճեցնելով դէպի Հայաստան իր բնական կազի արտածումները։ Հայաստան իր բնական կազի մատակարարման համար գրեթէ ամբողջական կերպով կը վստահի Ռուսիոյ, սակայն եթէ յաւելեալ իրանեան կազ տրամադրելի դառնայ՝ Հայաստան կրնայ իր ներածման աղբիւրները բազմազան դարձնել։ Մինչ այս մէկը երկարժամկէտ հոլովոյթ մըն է՝ Հայաստան պիտի շարունակէ տնտեսական ու ռազմական գետնի վրայ Ռուսիոյ հետ գործակցիլ, իսկ ուժանիւթի արտածումները Իրանին պիտի պարգեւեն ազդեցութեան ազդու միջոց մը։
Ազրպէյճանի մէջ՝ Իրան կրնայ ականահարել ռուսական եւ թրքական առեւտրական եւ ռազմավարական շահերը։ Թեհրան մտահոգ է Իրանի մէջ ազրպէյճանական փոքրամասնութեան վրայ Ազրպէյճանի ազդեցութենէն եւ կրնայ լուծումի մը ձգտիլ։ Ազրպէյճան իր կարգին անցեալին ջանացած է Իրանը հակակշռել Իսրայէլի նման մրցակիցներու հետ դաշնակցելով։ Իրան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ վերջերս արձանագրուած դէպքերը եւս լարուածութիւնը հրահրած են։ Աւելի ուժեղ Իրան մը հաւանաբար պիտի ձգտի իր դրացին մեկուսացնելու, մինչ Թուրքիան ու Ռուսիան աշխատանք պիտի տանին ուժանիւթով հարուստ Ազրպէյճանի մէջ իրենց սեփական շահերը պահպանելու։
Անկախ վերջնական արդիւնքներէն, Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութեանց ջերմացումը ամբողջ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական կացութիւնը կը փոխէ։ Եթէ հաշտութիւնը ներդրումներու համար աւելի բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծէ եւ Իրանի ուժանիւթի արտադրութիւնը աճեցնէ՝ Թուրքիա նուազ կախեալ պիտի դառնայ Ռուսիայէն եւ Սեւ Ծովու ու Կովկասի շրջանին մէջ սկսի ինքզինք պարտադրել։
Բայցեւայնպէս, երկար ժամկէտի վրայ կարելի է նախատեսել, որ թէ՛ Ռուսիան, թէ՛ Թուրքիան պիտի մրցին ազդեցութեան համար Կովկասի մէջ, ուր ոտքի կանգնած Թեհրան մը հաւաբանար վտանգէ ռուսական ու թրքական տնտեսական ու ռազմավարական շահերը։