1917-ԻՆ ԱԹԱԹՈՒՐՔՆ ՈՒ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող թուրք պատմաբան Սայիթ Չեթինօղլուի «Մուսթաֆա Քեմալին եւ Հայկական հարցին ուղղուած համեստ լրացում» խորագիրով յօդուածը զետեղուած է քրտական «Կելաուեժ» կայքէջին վրայ։
Չեթինօղլու իր յօդուածի սկիզբը կը նշէ, որ Մուսթաֆա Քեմալ իթթիհատական աւանդոյթներով զինուած քաղաքական գործիչ էր։ Չեթինօղլուն Քեմալի կերպարի ուսումնասիրման համար կը մէջբերէ Քլաուս Քրէյսըրի «Աթաթուրքի կենսագրութիւն» գիրքին մէջ ներկայացուած փաստեր։
«1917-ին, Մուսթաֆա Քեմալ սուլթան Վահտետտինի հետ արտասահմանեան գործուղումներու կը մեկնէր, իբրեւ յատուկ պատուիրակ։ Այստեղ կը ներկայացնեմ Քրէյսըրի յիշատակումը, ուր Աթաթուրքի խօսքերը բաւական յստակ են։ Վահտետտինի հետ գործուղման մեկնած Մուսթաֆա Քեմալ գերմանացի նահանգապետի հետ ճաշի ժամանակ կրկնեց Իթթիհատ վէ Թերրաքիի՝ հայերու վերաբերեալ խօսքերը։ Խօսակցութիւնը շարունակեց Սթրազպուրկի այն ժամանակուան նահանգապետ Նիքոլաուս վոն Տալվից։
Քեմալ արդէն 1926-ին այդ խօսակցութիւնը հետեւեալ կերպ կը պատմէ.«Գերմանացի նահանգապետը համարձակեցաւ ինծի ըսել, որ հայերը լաւ մարդիկ են, իսկ թուրքերը անոնց դէմ յարձակումներ գործած են եւ վատ վերաբերուած։ Ես շատ զարմացայ, որովհետեւ ան հզօր նահանգապետ էր, ես հիւր էի եւ ի վերջոյ, մենք դաշնակիցներ էինք։
«Ես անոր հարցուցի, թէ ան ինչո՞ւ հայերու մասին այդպիսի բան կ՚ըսէ, երբ հայերը իբրեւ ազգ ներկայացնել փորձող եւ անոնց գոյութիւնը ապացուցել ուզողները ատով աշխարհը կը խաբեն ու Թուրքիոյ վնաս կը հասցնեն։
«Ես չկրցայ ինքզինքս զսպել եւ շարունակեցի՝ ըսելով, թէ շատ տարօրինակ է, որ մենք այդքան զոհեր տուած ենք, իսկ ան կը մտածէ, թէ Թուրքիոյ հողերուն վրայ հայ ազգ կրնայ ըլլալ։ Այդ ատեն Տալվից պնդեց, որ ան այդ ամէնը լսած է եւ իր սեփական կարծիքը չէ։ Ես անոր ըսի, որ եկած եմ գերմանական բանակի վիճակին մասին իմանալու, ոչ թէ հայկական հարցը քննարկելու», ըսած է Քեմալ։
«Մուսթաֆա Քեմալ արդէն 1926-ին, երբ ատոր մասին յայտարարեց, կրնար քանի մը բան չարտայայտուիլ, սակայն ան չըրաւ։ Քեմալի տեսակէտը շատ սարսափելի է։ Այսինքն, հայերը երկար տարիներ ոչինչ ընելով՝ կորսնցուցած են ազգ կոչվելու իրաւունքը», գրած է Սայիթ Չեթինօղլու։