ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԱԾ Է ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍԻՆ «ՄԻԱՑՈՒՄ» ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԸ
Ռուս-հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդէն (ՌՀԿՀԽ) «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Մոսկուայի Ս.Պայծառակերպութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ ցուցադրուած է «Միացում» շարժանկարը, որ նուիրուած է արցախեան ազատամարտի 25 եւ Կիւլիստանի պայմանագրի 200 ամեակներուն։ Շարժանկարը նկարահանած է HAYASA կեդրոնը։
Շարժանկարի ցուցադրութիւնը կազմակերպած է ՌՀԿՀԽ-ն, որուն աջակցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ թեմը։ «Միացում» շարժանկարը կը պատմէ արցախեան շարժումի ճակատագիրի, հայ ժողովուրդի միասնականութեան եւ պատերազմի ընթացքին հայկական կամաւորական ջոկատներու յաղթական երթին մասին։
Նախագիծի հեղինակն ու շարժանկարի արտադրիչը պատմաբան Տիգրան Մանասեանն է, որ Ռուսիա կը բնակի, իսկ բեմադրիչը՝ Սամուէլ Թադեւոսեանը։ Տիգրան Մանասեան առանձնայատուկ կերպով կարեւոր նկատած է հայկական կամաւորական ջոկատներու դերը Արցախի մէջ պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ։ «Ոգիի ուժը եւ այն բանի գիտակցութիւնը, որ հայերը կը պաշտպանեն իրենց հայրենիքը, հակառակորդին ստիպած է փախչիլ՝ ետեւ չնայելով», նշած է Մանասեան։ Շարժանկարին մէջ կ՚արտացոլան արցախահայութեան դարաւոր աւանդութիւնները, պատմական պայքարը, ինչպէս նաեւ արցախեան հակամարտութեան նախապատմութիւնը եւ բռնագրաւող թուրքերէն հայկական հողերու ազատագրումը։
Շարժանկարի ցուցադրութեան ներկայ էին նաեւ արցախեան պատերազմի վեթերաններ, Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ներկայացութիւնները։
Շարժանկարի ցուցադրութեան պատւոյ հիւրերէն էր Հայաստանի Զինեալ ուժերու հիմնադիրներէն, արցախեան պատերազմի հերոս, զօրավար Նորատ Տէր Գրիգորեան։ Զօրավարը հանդիսատեսին ներկայացուց իր յուշերը եւ հայ ազատամարտիկի յաջողութեան գաղտնիքները։ «Մեր ուժը միասնութեան եւ համախմբուածութեան մէջ է», ըսած է Նորատ Տէր Գրիգորեանը։
Մեծ թիւով երիտասարդներու «Միացում» շարժանկարի ցուցադրութեան ներկայութիւնը կը վկայէ իրենց հայրենիքի պատմութիւնը ուսումնասիրելու հարցին մէջ Մոսկուայի հայերու հետաքրքրութեան մասին։ «Անոնք կը հասկնան, որ արցախի ժողովուրդի պայքարը տակաւին չէ աւարտած, եւ ատիկա այժմ կը շարունակուի դիւանագիտական հարթութեան վրայ։ Եւ այդ պայքարը պիտի աւարտի միայն այն ժամանակ, երբ Արցախը պիտի դառնայ ճանչցուած պետութիւն, ինչին կը ձգտի Ստեփանակերտը՝ Երեւանի եւ սփիւռքահայերու աջակցութեամբ», ՌՀԿՀԽ-ի հաղորդմամբ ըսած է ան։Շարժանկարին մասին տեսանիւթը դիտել այստեղ:
http://www.youtube.com/watch?v=KL9NhdAcuos