Պաքուի Մէջ Կը Կնքուի «Դարու Պայմանագիրը»
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաքուի մէջ «դարու պայմանագիր» անունով մկրտուած է Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին, Ատրպէյճանի պետական քարիւղի «Սոքար» ընկերութեան ու բրիտանական «Պի.Փի.» քարիւղի ընկերութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը, որուն շնորհիւ պիտի սկսի «Շահ Տենիզ» հանքավայրի շահագործման երկրորդ փուլը:
Այս ծրագիրին շնորհիւ, կը նախատեսուի, որ արդէն իսկ 2014ին կազի արդիւնահանման ծաւալները աւելնան 1.4 միլիառ խորանարդ մեթրով: 2019էն սկսեալ, եւրոպական երկիրներ մատակարարուող ատրպէյճանական կազի տարեկան ծաւալները պէտք է հասնին 10 միլիառ խորանարդ մեթրի: Այս նպատակով, Ատրպէյճանն ու անոր արեւմտեան գործընկերները կը պատրաստուին նաեւ անդրանատոլիական կազատար կառուցելու, ինչ որ կրնայ ռուսական «Հարաւային հոսք»ի ուղղակի մրցակիցը դառնալ:
Յատկանշական է, որ համաձայնագիրի ստորագրութեան ներկայ գտնուելու նպատակով Պաքու ժամանած էր Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկ, որ սոյն համաձայնագիրի ստորագրութիւնը նկատած է «լաւ լուր մը թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Բրիտանիոյ եւ թէ ամբողջ Եւրոպայի համար»:
Ստորագրութեան արարողութեան ներկայ եղած Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչը շեշտած է, թէ յառաջիկայ տարիներուն Եւրոմիութեան կազի պահանջներուն մօտաւորապէս 20 տոկոսը կրնայ գոհացուիլ Ատրպէյճանէն ստացուող ուժանիւթով:
Իր կարգին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսած է, թէ «Շահ Տենիզ-2»ի շահագործումը պիտի փոխէ ամբողջ տարածաշրջանի ուժանիւթի քարտէսը:
Սակայն այս յաւակնոտ նախագիծը առանց բարդութիւններու չէ սկսած: Արդարեւ, համաձայնագիրի ստորագրութենէն միայն քանի մը ժամ առաջ յայտնի դարձաւ, որ նախագիծին մաս կազմող նորվեկիական «ՍթաթՕյլ» ընկերութիւնն ու ֆրանսական «Թոթալ»ը չեն պատրաստուիր մասնակցելու անդրանատոլիական կազատարի կառուցման, մինչ ռուսական «Կազփրոմ»ը կրցած է տապալել ատրպէյճանական նախագիծերէն մէկը՝ կանխելով Պաքուի մուտքը դէպի Յունաստանի ուժանիւթի շուկայ:
Արդարեւ, կը նախատեսուէր, որ Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարաս եւս Պաքու գտնուէր Երեքշաբթի օր, Ատրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ պայմանագիրը ստորագրելու համար, սակայն գործարքը տապալեցաւ ստորագրութենէն միայն քանի մը ժամ առաջ, ու դէպի Պաքու ճամբայ ելած Յունաստանի վարչապետին օդանաւը ճանապարհի կիսուն վերադարձաւ Աթէնք: Թէեւ պաշտօնական պատճառաբանութիւնը կառավարական օդանաւի խանգարումն էր, բայց հետագայ իրադարձութիւնները վկայեցին, թէ իրականութիւնը կապ ունի Աթէնքի մէջ կայացած քաղաքական որոշումներուն հետ: Արդարեւ, Յունաստանի վարչապետը չփորձեց այլ օդանաւով մը մեկնիլ Պաքու, այլ պարզապէս չեղեալ յայտարարեց այցը, որովհետեւ կը կարծուի, թէ Յունաստանի ամբողջ կազային տնտեսութիւնը կրնայ իյնալ ռուսական «Կազփրոմ»ի հակակշիռին տակ՝ ըստ յունական որոշ լրատուամիջոցներու: Ըստ անոնց՝ ռուսական ընկերութիւնը պատրաստ է երկրի կազամատակարարման համակարգին համար վճարել առնուազն 1 միլիառ եուրօ: