Թանէր Աքչամ Կը Շարունակէ Հրատարակել Փաստաթուղթեր Որոնք Ցոյց Կուտան Թէ Աթաթիւրք Դատապարտած Էր Հայերու Դէմ Գործուած Սպանդները


 

 

Պատմաբան Թանէր Աքչամ միջոցէ մը ի վեր սկսած է հրատարակել յօդուածներ, որոնց մէջ կը յիշեցնէ թէ Աթաթիւրք, զոր ինք միշտ կը կոչէ Մուսթաֆա Քէմալ, զանազան առիթներով դատապարտած էր 1915-ին Հայերու դէմ կատարուած սպանդը, միշտ ալ դատապարտած էր այդ տեղահանութեան ու սպանդներուն հեղինակները, որոնք Իթթիհատականներն էին։

 Թանէր Աքչամ այս փաստաթուղթերը կը հրատարակէ դիտել տալով որ այսօր իշխանութիւնները կրնան անոնց վրայ հիմնուելով ճանչնալ Հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը, ինչպէս որ անցեալները Վարչապետը Աթաթիւրքի մէկ խօսքին վրայ հիմնուելով Տիյարպաքըրի մէջ արտասանեց «Քիւրտիստան» անունը։Թանէր Աքչամ այս շարքին երրորդ յօդուածը հրատարակեց Հինգշաբթի «Թարաֆ» թերթի մէջ։ Պատմաբանը այս անգամ կը յիշեցնէր որ 15 Հոկտեմբեր 1919ին Մուսթաֆա Քէմալ Ամերիկայի Րատիօ Փրէս գործակալութեան յայտնած էր թէ ինք երաշխաւորութիւն կուտար որ Հայերու դէմ Թուրքերու կողմէ նոր վայրագութիւն մը պիտի չգործադրուի։ Նոյն ամիսներուն, Մուսթաֆա Քէմալ տեսակցութիւն մը ունեցած էր Ամերիկացի Զօրավար Հարպորտի հետ եւ անոր յայտնած էր որ սպաննուած Հայերուն թիւը 800 հազար է։ Ան աւելցուցած էր որ Հայերու աքսորն ու սպանդը կատարուած էր փոքրիկ կոմիտէի մը կողմէ որ կառավարութիւնը ձեռք անցուցած էր այդ շրջանին։

Մուսթաֆա Քէմալ 6 Մայիս 1920ին Զօրավար Քեազըմ Գարապէքիրի ղրկուած հեռագրի մը մէջ մասնաւոր կերպով կ՚ընդգծէ որ պէտք է հեռու մնալ այնպիսի գործողութենէ մը որ դարձեալ Հայերու դէմ սպանդ պիտի նշանակէ։

Մուսթաֆա Քէմալի կողմէ արտասանուած խօսքերու նիւթին մէջ կարեւոր է այն ինչ որ ան 1 Օգոստոս 1926-ին ըսած էր Լոս Անճէլըս Էքզէմայնըր թերթի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին։ Ան Իթթիհատ եւ Թէրաքքի կուսակցութեան մասին խօսելու ընթացքին այս կուսակցութիւնը ներկայացուցած է որպէս «Խմբակ մը որմէ պէտք է հաշիւ պահանջուի իրենց ապրած հողերէն զանգուածաբար աքսորուած եւ սպաննուած մեր Քրիստոնեայ հպատակներուն համար»։ Ըստ Մուսթաֆա Քէմալի, այս խմբակը մինչեւ հիմա ուրիշ ոչինչ ըրած է եթէ ոչ թալան, աւազակութիւն, եւ կաշառակերութիւն, որեւէ գործի մէջ պատուաւոր կերպով չէ աշխատած եւ իր կեանքը չէ շահած ճակտի քրտինքով, ընդհակառակը միշտ թշնամացած է նմանօրինակ պատուաւոր կեանքի մը դէմ։

Թանէր Աքչամ դիտել կուտայ որ միջոց մը ոմանք պնդեցին թէ Լոս Անճէլըս Էքզէմայնըր թերթի մէջ հրատարակուած հարցազրոյցը կեղծ ու անվաւեր էր, թէ Աթաթիւրքի մասին արձանագրութիւններու մէջ չէր գտնուած Էմիլ Հիլտէրպրանտ անուն մէկու մը հետ կատարուած հարցազրոյցի մը արձանագրութիւնը, ըսուած էր որ այդպիսի անձ մը գոյութիւն չէ ունեցած, բայց Թանէր Աքչամ կը մտածէ որ այդ տեսակցութիւնը կատարուած էր Թուրքիոյ գիտակցութեամբ եւ թէ այդ շրջանին նմանօրինակ տեսակցութիւններ կատարուած էին ուրիշ թերթերու հետ ալ, իսկ Հիլտէրպրանտի հետ կատարուած հարցազրոյցը միայն Լոս Անճէլըս Էքզէմայնըր թերթի մէջ չէ որ հրատարակուած էր, այլ հրատարակուած էր ուրիշ երեք տարբեր թերթերու մէջ ալ։

Թանէր Աքչամ իր յօդուածին մէջ կը յիշեցնէ թէ այդ շրջանին Թուրք-Ամերիկեան յարաբերութիւնները բաւական լարուած էին, Ամերիկայի Ծերակոյտը տակաւին չէր վաւերացուցած Ամերիկացիներու ալ մասնակցութեամբ ստորագրուած Լոզանի Դաշնագիրը, Ամերիկայի մէջ շատ ուժեղ դիմադրութիւն կար Լոզան Դաշնագրի դէմ։ 

Ընդդիմադիրները իբր պատճառաբանութիւն ցոյց կուտային Հայերու դէմ գործուած սպանդը։ Կար ուրիշ հարց մըն ալ։ Թուրքիա, հակառակ որ Լոզանի Դաշնագրով խոստացած էր ետ վերադարձնել երկիր վերադարձող Հայերու թալանուած ինչքերը, երկիր վերադառնալու արտօնութիւն չէր տար Ամերիկահայերուն։ 1923ին Իսթանպուլի մէջ ձերբակալուած էին Ամերիկահպատակ Հայեր ու անոնք դուրս արտաքսուած էին։ Ասիկա դիւանագիտական տագնապի մը ճամբայ բացած էր, ուստի Թուրքիա ամէն միջոցի կը դիմէր որպէսզի մաքրէր Թուրքիոյ արատաւորուած վարկը։ Թուրքիոյ պատկերը պէտք է մաքրուէր որպէսզի Լոզանի Դաշնագիրը վաւերացուի։ Կը թուի թէ Մուսթաֆա Քէմալի նմաններուն ու այլոց կողմէ կատարուած նմանօրինակ յայտարարութիւններու շնորհիւ Թուրքիոյ պատկերը մաքրագործուեցաւ ու 1926-ին, երբ երկրորդ անգամ մըն ալ օրակարգի բերուեցաւ, Ծերակոյտը վաւերացուց Լոզանի Դաշնագիրը։ Ամերիկացիները կ՚ուզէին այն պատկերը ստեղծել թէ հիմա նոր Թուրքիա մը ծնունդ առած էր։

Թանէր Աքչամ դիտել կուտայ որ պիտի շարունակէ ուրիշ փաստաթուղթեր ալ հրատարակել։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.