Ալ-Մայատին յատուկ յայտագիր կը սփռէ սուրիահայութեան մասին
1361
0
Արաբական Ալ-Մայատին հեռուստատեսութեան կայանը Դեկտեմբերի սկիզբը հեռարձակած է սուրիահայութեան մասին յայտագիր մը։ Անդրադառնալէ ետք Հայօց Ցեղասպանութեան պատմութեան, հաղորդավարուհին կը յայտնէ, թէ 1925 թուականին Հալէպի բնակչութեան 25% կը կազմէին հայերը։
2011-ին բռնկած Սուրիոյ տագնապի նախօրեակին, Սուիահայութեան թիւը 100 հազար էր։ Ներկայիս, ըստ Ալ Մայատինի, 75 հազար հաշուող Հալէպի գաղութէն մնացած է 20 հազար հայութիւն։ Կայանը կը հաղորդէ, որ հայերու ստուար թիւ մը հաստատուած է Հայաստան։
Ըստ Ալ-Մայատինի, պատերազմի սկիզբէն ի վեր սպաննուած է 65 հայ եւ առաեւանգուած 100։
Ալ-Մայատինի տեսանիւթը դիտել հոս՝
http://www.youtube.com/watch?v=0NolWN7geGg