ԱՄԵՐԻԿԵՒԻՐԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻՆ ԱԶԴԵԼ


 

 

Ամերիկեան Stratfor քաղաքական վերլուծողական կայքէջը վերջերս յօդուած մը հրապարակեց Ղարաբաղեան հիմնահարցին առնչուող:

Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններու ազդեցութիւնը կը տարածուի Իրանի շրջապատին մէջ, եւ ռազմավարական մթնոլորտի փոփոխութիւնը շարք մը երկիրներու միջեւ նուազ կարեւոր հարցերու շուրջ դիւանագիտական աշխուժութիւն ստեղծած է։ Օրինակի համար 19 նոյեմբերին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր հայ գործընկեր Սերժ Սարգսեանի միջեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցան, որոնք յունուար 2012-ին ռուսական միջնորդութեամբ քննարկումներէն ետք, Լեռնային Ղարաբաղի երկարատեւ հակամարտութեան լուծման համար առաջին ջանքերն էին։ Թէեւ Սարգսեան ըսաւ, որ բանակցութիւնները բնական ընթացած են եւ պիտի շարունակուին, այս հարցը երկու երկիրներուն համար ալ դժուար լուծելի մնացած է եւ զայն լուծելու նախկին բազմաթիւ փորձեր ձախողութեան մատնուած են։ Բայցեւայնպէս, իրանեւամերիկեան մերձեցումը կրնայ խանգարել Լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ շրջանային այլ հարցերու շուրջ տիրող սթաթիւ քոն։

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐ ԵՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒՈՂ ՇԱՐԺԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Իրանեւամերիկեան փոխհասկացողութիւն մը մասնաւորաբար նշանակալից պիտի ըլլայ Իրանի հիւսիային սահմանի երկայնքին գտնուող փոքր, սակայն ռազմավարական գետնի վրայ կարեւոր կովկասեան պետութեանց համար։ Թէեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը շուրջ երկու տասնամեակներէ ի վեր սառեցուած է, թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Ազրպէյճան առնչուած են յարաբերութեանց ցանցի մը, որ արդէն իսկ ազդուած է իրանեւամերիկեան բանակցութիւններէն։ Օրինակի համար Հայաստանի ռազմավարական գործընկեր Ռուսիան խորապէս մտահոգ է, որ իրանեւամերիկեան համաձայնութիւն մը երկու երկիրներուն ալ Կովկասի մէջ աւելի մեծ ազդեցութիւն պիտի շնորհէ։ Մոսկուա անցեալ տարուան ընթացքին իր դիրքերը ամրապնդեց եւ մտահոգ է, որ իր ազդեցութիւնը կրնայ թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ՛ Թեհրանի կողմէ ականահարուիլ, եթէ անոնք դադրին մրցակիցներ ըլլալէ։

Ազրպէյճան իր կարգին ջանացած է Ռուսիոյ հետ Հայաստանի գործակցութիւնը հակակշռել տարածաշրջանին մէջ իր յարաբերութիւնները տարատեսակ դարձնելով, որպէսզի որոշ ուժի մը ենթակայ չդառնայ։ Օրինակի համար, Ազրպէյճան դէպի Թուրքիա եւ Արեւմուտք, ինչպէս նաեւ դէպի Ռուսիա եւ Իրան ուժանիւթ կ՚արտածէ։ Պաքու նաեւ իր ապահովական կապերը կ՚ամրապնդէ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ՝ իբրեւ հակակշիռ իր հիւսիսը եւ հարաւը գտնուող աւելի մեծ դրացիներուն։ Սակայն կը շարունակէ իր սեփական ռազմական ուժը աճեցնել՝ օր մը Լեռնային Ղարաբաղին բռնի ուժով վերատիրանալու յոյսով։

Ազրպէյճանի յարաբերութիւններն ու դաշինքները եւս կ՚ազդուին Իրան-Միացեալ Նահանգներ լարուածութեան մեղմացումէն։ Կը հաղորդուի, որ Ալիեւի եւ Սարգսեանի միջեւ 19 նոյեմբերի հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ դրդումով տեղի ունեցած է։ Վերջինս Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութեանց մէջ Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը կ՚ուզէ, փոխան Թեհրանի հետ համաձայնութեան մը աջակցելուն։ Ի վերջոյ, Թուրքիա կը յուսայ Կովկասի մէջ ռազմավարական ձեռքբերումներ արձանագրել, մասնաորաբար Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելով։ Սակայն իբրեւ Ազրպէյճանի դաշնակիցը՝ Թուրքիա կ՚ուզէ առաջին հերթին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ յառաջընթաց տեսնել՝ խուսափելու համար Պաքուի կողմէ հակազդեցութիւն մը, ինչպիսին տեղի ունեցաւ 2009-ին Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնել փորձելէն ետք։ Այդ ջանքերը, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ զուգահեռ բանակցութիւններ չէին պարունակեր, ձախողեցան Հայաստանի հետ համաձայնութիւն յառաջացնելու եւ ժամանակաւոր կերպով վնասեցին Ազրպէյճանի հետ Թուրքիոյ կապերուն, ի շահ Ռուսիոյ։

Մինչ այդ՝ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները զարգացնել, եւ անշուշտ Ազրպէյճան հետաքրքրուած է այս ուղղութեամբ յառաջընթաց տեսնելով՝ մինչեւ այն ատեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերատիրացում արտօնող համաձայնութեան մը կարելիութիւնը գոյութիւն ունի։ Սակայն թէեւ բանակցութիւնները բոլոր այս հարցերուն շուրջ կ՚ընթանան, յստակ չէ թէ անոնք լուծումի մը պիտի առաջնորդեն։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը հիմնուած է շարք մը դերակատարներու խոր շահերու վրայ։

Բայցեւայնպէս, թէեւ Մոսկուա եւ Երեւան ներկայ իրավիճակը պահելով հետաքրքրուած են, Ուաշինկթըն, Անգարա եւ Պաքու այդ հետաքրքրութիւնը չունին եւ առիթ կը փնտռեն բանակցութիւնները շարժման մղելու։ Իրանեւամերիկեան բանակցութիւնները այդպիսի առիթ մը ներկայացուցած են, նոյնիսկ եթէ նաեւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Կովկասի տարածքին այլ երկիրներու համար նոր մարտահրաւէրներու շարքի մը պիտի առաջնորդեն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.