26-27 Փետրուար 1988, Սումկայիթ. Արցախի «Միացո՜ւմ» Պահանջին՝ Ազրպէյճանի Հայասպան Պատասխանը
Փետրուարի 26էն 28 աշխարհի չորս ծագերէն միլիոնաւոր մարդիկ սահմռկած աչքերով հետեւեցան ազգային «մաքրազտման» քստմնելի ոճրագործու թեան մը, որ ժամանակակից պատմութեան սեւ ու արիւնալի էջերէն մէկը դարձաւ՝ «Սումկայիթի փոկրոմը» անունով։
Իսկ հայ ժողովուրդին համար մինչ այդ գրեթէ անծանօթ անդրկովկասեան ծովեզերեայ քաղաք մը՝ Սումկայիթը դարձաւ «մանրանկար» հոմանիշը… Տէր-Զօրի։
Այսօր արդէն մանրամասնօրէն եւ անվիճելիօրէն փաստագրուած են ահաւորութիւնն ու բարբարոսութիւնը Խ. Ազրպէյճանի այդ ատենուան իշխանութեանց իրագործած թրքատիպ Ոճիրին՝ Սումկայիթի հայ բնակչութեան զանգուածային սպանդին։
Բայց 26-28 Փետրուար 1988ին ոչ ոք, ոչ իսկ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութիւնը կրնար հաւատալ, թէ քսաներորդ դարավերջին փաստօրէն կը կրկնուէր դարասկիզբի մեծ եղեռնագործութիւնը՝ այս անգամ թէեւ մանրանկարային տարողութեամբ, այդուհանդերձ սակայն ցեղասպանական միեւնոյն վայրագութեան սանձարձակ մոլուցքով։
Միջազգային հանրային կարծիքը ձեւաւորող եւ առաջնորդող շրջանակները օրին իրենք իսկ փութացին հաստատելու, թէ Սումկայիթի մէջ ազերի խուժանը՝ հաւաքագրուած, զինուած եւ ղեկավարուած ըլլալով քաղաքի ազրպէյճանական իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ, 1988ի փետրուարեան այս օրերուն կազմակերպ յարձակման ենթարկեց քաղաքի հայ բնակչութիւնը։Միաժամանակ՝ միջազգային մամուլի էջերուն ինչպէս երեսուն տարի առաջ, այնպէս ալ այսօր տակաւին շրջանառութեան մէջ կը դրուին մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց՝ եղածը իբր խորհրդային մեծ քաղաքականութեան կապուած քաղաքական խաղ էր։ Իբր՝ այդ ժամանակ Խորհրդային Հայաստանի մէջ լայն արձագանգ գտած Արցախեան պահանջատիրութեան ծաւալումը պատճառ եղաւ ազգամիջեան լարուածութեանց սրումին հայերու եւ ազերիներու միջեւ։
Բայց նոյնիսկ նման անհիմն վերագրումներու հեղինակները իրենք չեն կրնար ուրանալ փաստացի իրողութիւնները եւ կը խոստովանին, որ Հայաստանէն փախուստ տուած եւ Ազրպէյճանի տարբեր շրջաններն ու, անոնց կարգին, Սումկայիթ թափած ազերի գաղթականները առաւելագոյնս գործածուեցան ազրպէյճանեան իշխանութեանց կողմէ, որպէսզի ամբոխային գրգռութեանց քողով ծածկուի Ազրպէյճանի տարածքին ապրող հայ բնակչութիւնը սպանդի ենթարկելու եւ այդ սպառնալիքով Սումկայիթի եւ ամբողջ Ազրպէյճանի հայերը երկրէն վտարելու ազրպէյճանեան բո՛ւն ոճիրը։
Ամէն պարագայի աշխարհով մէկ հաստատուած փաստ եւ ընդունուած իրողութիւն է այսօր, որ միջազգային հեղինակաւոր ատեանները իրե՛նք անուն-ազգանունով կը յիշատակեն Սումկայիթի իշխանաւոր այն դէմքերը, որոնք նախ հրահրեցին եւ, ապա, գազազած ամբոխին գլուխը անցած, նախապէս պատրաստուած ցուցակներու հիման վրայ, հայերու բնակարաններուն եւ խանութներուն վրայ յարձակում եւ երկօրեայ արեան բաղնիք կազմակերպեցին…
Որոշապէս փաստագրուած է անունը Ճահանկիր Մուսլումզատէ կոչուած Սումկայիթի Կոմկուսի առաջին քարտուղարին, որ գլխաւոր պատասխանատուն եղաւ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած հայերու սումկայիթեան փոկրոմին, որուն շուտով պիտի հետեւէին Պաքուի եւ այլ վայրերու աւելի լայնածաւալ ոճիրները։
Սումկայիթի հայոց սպանդին մէջ պատասխանատուութեան իր բաժինը անկասկած ունեցաւ նաեւ խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնը։
Կրեմլի ղեկավարութիւնը շատ ուշ միջամտեց՝ ազրպէյճանեան եղեռնագործութիւնը սանձելու համար։ Իսկ երբ միջամտեց, քաղաքական իշխանափոխութեան կորպաչովեան խաղերուն համապատասխան շարժեցաւ՝ հայութեան բաժին հանուած ողբերգութեան համարժէք կեցուածք չճշդելով ու հատու եւ զսպիչ հարուած չտալով յանցագործներուն։
Խորհրդային իշխանութիւնը օրին մինչեւ իսկ նսեմացնել փորձեց Սումկայիթի սպանդին տարողութիւնը։ Ամէն ճիգ թափեց, որպէսզի միայն 30 մեռեալ ցոյց տայ հայ զոհերուն թիւը, մինչդեռ ականատեսներու եւ վերապրողներու անհերքելի վկայութիւններով ու տուեալներով՝ աւելի քան 200 անզէն ու խաղաղ բնակիչ հայերու արիւն հեղեցին ազերի ջարդարարները։
Երեսուն տարիներ անցած են Սումկայիթի այդ սահմռկեցուցիչ եղեռնագործութեան փետրուարեան սեւ օրերէն։
Հայեւազրպէյճանեան յարաբերութիւնները արեան եւ մահուան ամբողջ ճամբայ մը կտրած են Սումկայիթէն ասդին։
Բուն կռուախնձորը՝ Արցախը իրողապէս ազատագրուած եւ իր անկախ հանրապետութիւնը հաստատած, արմատաւորած եւ զարգացման հունի մէջ դրած է։ Բայց ցեղասպանական ոճիրի գնով հայկական իրաւունքները ոտնակոխելու քաղաքական մոլուցքը տակաւին կ’եռայ ազրպէյճանեան իշխանութեանց մէջ, վկան՝ երկու տարի առաջ բռնկած Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմն է…
Հայ ժողովուրդը Փետրուարի այս օրերուն կը սգայ եւ կ’ոգեկոչէ Սումկայիթի իր նահատակները, որոնք անլռելի վկաներն են հայաջնջումի թրքատիպ եղեռնագործութեան շարունակուող վտանգին։
Մինչեւ որ ցեղասպանը խոնարհի եւ խոստովանի իր գործած սպանդը, որուն մասին վկայող աղաղակ-ճիչ մըն է պատմութեան պատկանող հետագայ արձանագրութիւնը.
«Փետրուարի 27. ժամը 5ին թուրքերի ամբոխը ներխուժեց հարեւան հինգ յարկանի շէնքը… Ես իմ աչքերով տեսել եմ միայն Սաշայի եւ նրա տիկնոջ՝ Աւագեան Լոլայի ու քրոջ սպանութիւնը: Աղմուկ-աղաղակ էր, սուլոց: 100-150 հոգի էին: Մտան շքամուտք: Սաշային սպաննեցին շքամուտքի մօտ, խփում էին փայտերով, ոտքով, երկաթէ ձողերով, դանակահարում:
Սաշայի քոյրը պատշգամբից գոռում էր, օգնութիւն կանչում: Ամբոխը, Սաշային մորթելուց յետոյ, բարձրացաւ նրա տուն, անմարդկային ոռնոց էր լսւում նրանց պատշգամբից, մի քանի ժամ յետոյ Սաշայի քրոջը խոշտանգուած վիճակում շպրտեցին 5րդ յարկից, իսկ տիկնոջը մերկացրած մօտ մէկ ժամ քարշ էին տալիս շէնքի բակում եւ բռնաբարում. կինը չդիմացաւ… Երեք հայերի յօշոտուած մարմինները մի քանի ժամ մնացին շէնքի բակում»… (ականատես Սէյրանեան Էլմիրայի վկայութիւնը)։
Այդպէ՛ս մոլեգնեցաւ թրքական պետութեան գործադրած եւ անպատիժ մնացած հայասպանական ոճիրին ներշնչումով երեսուն տարի առաջ բորբոքած ազրպէյճանական յորձանքը։
Արդարեւ, 1915ին թրքական պետութեան գործադրած հայասպանութեան ոճիրը, անպատիժ մնալով եւ միջազգային առումով քաղաքական անհրաժեշտ արդարահատոյցի չենթարկուելով, պատճառ դարձաւ որ պատմութիւնը պարբերաբար կրկնուի։
Իրենց կարգին ազրպէյճանական իշխանութիւնները անպատիժ մնալով՝ ոչ միայն շարունակեցին հակահայ պարբերական ջարդերը, այլեւ՝ պատմական ճշմարտութեան ուրացման պետական իրենց քարոզչութիւնը հասցուցին իր գագաթնակէտին, նոյնինքն զոհը՝ հայութիւնը իբրեւ ցեղասպան ներկայացնելու սուտ ու կեղծ «պատմագրութեամբ»։
Իսկ Թուրքիոյ ունեցած քաղաքական ազդեցութեան լծակներով եւ ազրպէյճանի նաւթային հարստութեամբ՝ անպատիժ մնացած համաթրքական ցեղասպանը անարգել կը շարունակէ իր սուտին ու կեղծիքին սպասարկելու պատրաստ ծախու խիղճեր գտնել աշխարհի տարածքին, որպէսզի լռութեան պատ հիւսէ Սումկայթի ողբերգութեան շուրջ։
Արդէն քանի տարի է, ահա՛, որ Ազրպէյճանի դիւանագիտական մեքենան, Թուրքիոյ պետական աջակցութեան հովանիին տակ, աշխարհով մէկ կեղծ ահազանգ կը հնչեցնէ իբր թէ «Խոջալուի մէջ հայերու գործած հակա-ազերիական ցեղասպանութեան» դէմ…
Սումկայիթի հակահայ սպանդին պատասխանատուները տարուէ տարի նոր թափ կու տան ուրացումի եւ խեղաթիւրման իրենց այդ արշաւին, որովհետեւ մեծապետական ուժերը իրենց հաշիւներով իսկ չեն ուզեր մեղադրեալի աթոռին նստեցնել որոշապէս Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, այլ շարունակ կը փնտռեն առիթներ, որպէսզի իբրեւ իրաւարարի՝ իբր թէ հաւասար աչքով նային ցեղասպանին եւ զոհին… պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու կարճատես պատեհապաշտութեամբ։
Այդ առումով ալ մեծապետական արեւմուտքը ինք եւս պատասխանատուութեան բաժին ունի՝ կամայ թէ ակամայ խրախուսելով համաթրքական ուժերու հակահայ մոլուցքն ու անոր պարբերական ցեղասպանական դրսեւորումները։
Սումկայիթը արիւնալի վկան ու յուշարարն է դառնագոյն այդ իրողութեան եւ ողբերգութեան։
26 Փետրուար 2018թ