Շ. Քոչարեան. «Թուրքիոյ արտաքին գոծոց նախարարը ճիշդ կ՚ընէ եթէ այցելէ Ցեղասպանութեան յուշահամալիր»


 

 

«Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նիստին մասնակցելու նպատակով, նախ քան Երեւան այցելէ, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը տարածաշրջանին մէջ հնարաւոր դրական զարգացումներուն միայն վնաս հասցնող եւ սադրիչ յայտարարութիւններ ընելու փոխարէն, ճիշդ կ՚ընէ եթէ օգտագործէ պատեհ առիթը եւ Երեւան այցելութեան ընթացքին այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցելու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին», – յայտարարած է Հայաստանի Արտագին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանը։

«Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան խնդրանքով, մեկնաբանելով Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ա. Տավութօղլուի վերջերս կատարած յայտարարութիւնները՝ տարածաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ, Շ. Քոչարեանը նաեւ ըսած է. – «Թուրքիան կրնայ նպաստել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման` առանց որեւէ նախապայմանի վաւերացնելով եւ կեանքի կոչելով 2009 թուականին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած հայ – թրքական արձանագրութիւնները»:

 

«Եթէ Թուրքիան կը ձգտի արագացնել տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ քաղաքակիրթ յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացը, ապա ան պէտք է ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ բանայ իր կողմէ փակուած հայ – թրքական սահմանը», – Արտագին գործոց նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ՝ շեշտած է Շաւարշ Քոչարեանը։

 

Թրքական լրատուամիջոցները Շաւարշ Քոչարեանի յայտարարութեան մասին

 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանի յայտարարութիւններուն արձագանգած են թրքական լրատուամիջոցները:

 

«Թուրքիոյ Արտագին գործոց նախարար Ահմետ Տավութօղլուն  եւս մէկ քայլ պիտի կատարէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացը արագացնելու ուղղութեամբ, ուր երկար ժամանակ է որեւէ զարգացում չէ արձանագրուած:  Տավութօղլուն «Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան նիստին մասնակցելու որոշման մասին յայնտնելուն պէս Երեւանը թուրք-հայկական յարաբերութիւններու առնչութեամբ շատ կոշտ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ»,- գրած է թրքական «Մետիա 365» լրատուական կայքը «Հայաստանը չափը անցաւ» վերնագրուած յօդուածին մէջ։

 Թրքական «Զաման» պարբերականը նոյնպէս ՀՀ Արտաքին գորոծոց նախարարի տեղակալի յայտարարութիւնը «կոշտ» որակած է: Իսկ «ԹայԹուրք»ը եղելութիւնը բնութագրած է որպէս «Հայերուն կողմէ կատարուած ցնցիչ առաջարկ Տավութօղլուին»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.