ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2014-ԻՆ ՍՄԱՐԹՖՈՆ ԵՒ ԹԱՊԼԵԹ ՊԻՏԻ ԱՐՏԱԴՐԷ


 

 

Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստան յառաջորդ տարի սեփական արտադրութեան թապլեթ համակարգիչ եւ սմարթֆոն պիտի արտադրէ։ Մէկ շաբաթ առաջ Ռուսիա իր առաջին սմարթֆոնը արտադրած էր։

Նշեալ սարքերուն նախատիպերը ներկայացուած են ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ, Ճարտարարուեստական խորհուրդի նիստին ընթացքին։

Վարչապետ Սարգսեան յայտնած է, որ հայ-ամերիկեան միացեալ Technology and Science Dynamics Inc/Armtab Technologies ընկերութիւնը 2014-ի սկիզբը պիտի սկսի Արմթապ թապլեթ եւ Արմֆոն բջիջային հեռաձայններ արտադրել։

Ընկերութեան տնօրէն Վահան Շաքարեան յայտնեց, որ ընկերութիւնը արդէն զարգացուցած է Թապլեթի փորձառական բնորդներ, որոնք 3G եւ WiFi կարողականութեամբ Android platform-ով կը գործեն եւ օժտուած են 7.85, 7.9, 9.7 եւ 10.1 inch չափերու պաստառներով։ Ընկերութիւնը նաեւ սմարթֆոնի օրինակ մը պատրաստած է։

Ան ըսած է, որ սարքերու softwareի զարգացումն ու պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, իսկ կազմութիւնը` Միացեալ Նահանգներու եւ Հոնկ Քոնկի մէջ։

Շաքարեան պնդեց, որ սարքերը լաւ որակի եւ նկատառելի չափով աւելի աժան գինի մրցակիցներ պիտի ըլլան արդէն իսկ հանրածանօթ եղող մակնիշներու, թէեւ սարքերուն գիներուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չփոխանցեց։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.