Թուրքիա Անատոլուի Միայն 9 Եկեղեցիներու Մէջ Կրօնական Արարողութիւններ Կ՛արտօնէ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Թարաֆ» թերթին մէջ հրատարակուած էր թղթակցութիւն մը, որով յայտնի կը դառնայ, թէ Թուրքիոյ պետութիւնը այսօր Անատոլուի տարածքին կը ճանչնայ միայն ինը եկեղեցիներ, որոնք թանգարանի վերածուած ըլլալով հանդերձ՝ կրնան եկեղեցւոյ պաշտօն ալ կատարել: Մնացեալներուն մէջ կրօնական արարողութիւն կատարելու արտօնութիւն չկայ։ Իսկ թէ այս ինը թանգարան-եկեղեցիները ի՞նչ չափանիշերով ընտրուած են պետութեան կողմէ՝ յայտնի չէ։
Փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս կը գանգատի ու կ՛ըսէ, թէ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչները այսպիսի կարգադրութենէ լուր չունէին, իսկ եթէ նմանօրինակ ընտրութիւն մը պիտի կատարուէր, ապա պէտք էր, որ ատիկա կատարուէր պատկան համայնքներու հետ խորհրդակցաբար։
Այս խնդիրը օրակարգի եկած է, երբ չէ արտօնուած Սինոփի եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն կատարել։ Յոյները ուզեցին արարողութիւն մը կատարել նաեւ Այվալըքի Թաքսիյարհիս անունով եկեղեցիին մէջ։ Յունաց պատրիարքարանը Ապրիլ 15ին դիմած էր Այվալըքի կուսակալութեան, որպէսզի Սեպտեմբեր 29ին արարողութիւն մը կատարուի Այվալըքի եկեղեցւոյ մէջ։ Կուսակալութիւնը դիմած է մշակոյթի նախարարութեան, որ միայն արարողութենէն երեք օր առաջ մերժողական պատասխան մը տուած է։
Այս մերժումը արդարացուած է այն պնդումով, թէ ընդունուած ինը եկեղեցիներու ցանկին վրայ Այվալըքի Թաքսիյարհիս եկեղեցին չկար։ Այս պատճառով, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Պուրսայի երեսփոխան Այքան Էրտեմիր նամակ մը գրած է մշակոյթի նախարարութեան՝ հարց տալով, թէ որո՞նք են այդ ինը եկեղեցիները, ուր կրօնական արարողութիւն արտօնուած է. նախարարութիւնը պատասխանած է, թէ այդ ինը եկեղեցիները անոնք են, որոնք այսօր իբրեւ թանգարան կը գործածուին: Հոն կարելի է արողութիւն կատարել՝ պայմանաւ, որ նախապէս արտօնութիւն ստացուի։ Այս ինը եկեղեցիներուն կարգին են Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցին ու Տրապիզոնի Սիւմէլա յունական վանքը։ Այս երկուքի պարագային եւս, տարին միայն մէկ անգամ կարելի է արարողութիւն կատարել։
Նաեւ, տրուած ըլլալով, որ այս եկեղեցիները թանգարանի վերածուած են ու հոն մուտք գործելը վճարովի է, արարողութեան օրը եւս այցելուներէն մուտքի դրամ կը գանձուի։
Լաքի Վինկաս կ՛առարկէ ու կ՛ըսէ, որ գոնէ արարողութեան օրը մուտքի դրամ պէտք չէ պահանջուի, որովհետեւ մարդիկ պաշտամունքի կու գան ու պաշտամունքի եկողները պէտք չէ դրամ վճարելեն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.