Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Թրքական Կուսակցութեան Ծրագիրները՝ 100ամեակին Ընդառաջ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մէջ տարի մը առաջ ստեղծուած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ ծրագրային դրոյթ ճանչցած Կանաչներու եւ ապագայի ձախ կուսակցութիւնը (YSGP) անցած շաբաթավերջին իրականացուցած իր համագումարին ընթացքին հրապարակած է Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին ընդառաջ իր նախանշած ծրագիրներն ու գործողութիւնները:
Ըստ «T 24» անկախ թերթին՝ համագումարին ընթացքին կուսակցութեան բոլոր անդամներուն կողմէ ընդունուած որոշումին մէջ նշուած է, թէ 2015ին ընդառաջ՝ կուսակցութիւնը իր բոլոր ջանքերը ի գործ պիտի դնէ՝ Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցը հասարակութեան կողմէ ճշգրտօրէն ըմբռնել տալու, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Թուրքիայէն արտաքսուած կամ ջարդերու ժամանակ տուժած հայերուն նկատմամբ իրագործուած անարդարութիւնները վերացնելու համար քաղաքականութիւն զարգացնելու ուղղութեամբ:
«Հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրագործուած կոտորածին ցեղասպանութիւն ըլլալը քննարկելիք նիւթ չէ խիղճ ունեցող ոեւէ մարդու համար: Բացի մեր կուսակցութենէն, այդ իրադարձութիւնը ցեղասպանութիւն անուանած են Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ քաղաքական շրջանակներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ: Կուսակցութիւնը զբաղած է՝ իրադարձութեանց լուծում գտնելու համար քաղաքական գիծ մշակելով», նշուած է կուսակցութեան որոշումին մէջ:
Կը շեշտուի, թէ կուսակցութիւնը իր գործունէութեամբ հետամուտ պիտի ըլլայ հասարակութեան հաւաքական յիշողութիւնը թարմացնելու, իւրաքանչիւրը ստիպելու, որ ինքնիրեն հարցնէ՝ «Ի՞նչ կ՛ընէին մեր հայրերը 1915 թուականին», ինչպէս նաեւ կորսուած ունեցուածքը ժառանգորդներուն վերադարձնելու, փոխհատուցման պահանջները կատարելու, պետական արխիւները բանալու, փաստաթուղթերը թափանցիկ դարձնելու, հայ-թրքական սահմանը բանալու, այս երկիրէն հարկադրաբար հեռացած հայերու երեխաներուն կրկնակի քաղաքացիութեան իրաւունք վերապահելու, մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու իրաւունք ապահովելու, Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ գործունէութենէն հրաժարիլ տալու, վերադառնալ ուզող հայերուն այդ մէկը թոյլատրելու եւ Թուրքիոյ մէջ ապօրինաբար աշխատող հայերուն աշխատանքի ու կրթութեան իրաւունքը ճանչնալու հարցերուն:
Կուսակցութիւնը կը յիշեցնէ, որ «վէրքերը փոխադարձաբար կը դարմանուին այն ժամանակ, երբ ոչ թէ տուժողները, այլ յանցագործնե՛րը կը սկսին խօսելու»: